Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Աուն Եւ Ժըպրան Պասիլ Այցելեցին Ժեզզին

May 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ղասսան Աթալլա եւ Շարպել Մասաատ, ու նախարարի պաշտօնակատարներ Հեքթոր Հաժժար եւ Հանրի Խուրի, երէկ ներկայ գտնուեցան Ժեզզինի Մար Մարուն եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, որ մատուցուեցաւ Տէյր Քամարի եւ Սայտայի մարոնի համայնքի առաջնորդ Մարուն Ամմար եպիսկոպոսին կողմէ:

Ամմար եպիսկոպոս ողջունեց նախկին նախագահը` շեշտելով, որ ան Ժեզզինի շրջանին մէջ սիրուած է եւ անոր վստահութիւնը վայելած:

Ան հաստատեց, որ այդ շրջանին բնակիչները մեծ կարիքներ ունին` իրենց բնակարաններուն մէջ գոյատեւել կարենալու համար` աւելցնելով, որ համագործակցութեամբ եւ հայրենիքի շահերուն համար աշխատելով է, որ կարելի կ՛ըլլայ գոյատեւել:

Ս. պատարագէն ետք, Ժեզզինի մէջ կազմակերպուեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` զօր. Աունի եւ Պասիլի հետ:

Այդ առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք լաւ գիտեն սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան հասնելուն պատճառները` ընդգծելով, որ օրին կարգ մը երկիրներ ճնշում բանեցուցած են, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները Լիբանան հաստատուին:

Ան նշեց, որ ինք միշտ իրերայաջորդ կառավարութիւնները զգուշացուցած է տեղահանուածներու ներկայութեան վտանգէն, սակայն գործադիր իշխանութիւնները բաւարար գիտակցութեամբ չվարուեցան այս իրողութեան հետ` քաղաքական կամ մարդկային կեցուածքներ որդեգրելու իմաստով:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանան պահելը եւրոպական երկիրներու կողմէ հսկայ դաւադրութիւն մըն է հայրենիքին դէմ:

«Ես անվարան կը հաստատեմ, որ մեծ թիւով եւրոպական երկիրներ չեն փափաքիր սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը, այլ կը փափաքին անոնց համարկումը Լիբանանի մէջ, եւ ասիկա Լիբանանի դէմ գործուող ոճիր մըն է», շեշտեց զօր. Աուն:

Իր կարգին, Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց սուրիական-սէուտական-իրանեան մերձեցումէն եւ փոխըմբռնումէն օգտուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն համար ապահով տունդարձ երաշխաւորել:

Պասիլ նշեց, որ իրենք կը փափաքին, որ հանրապետութեան նախագահը ըլլայ հզօր անձնաւորութիւն մը, իսկ եթէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն ինքնին հզօր անձնաւորութիւն չէ, կարելի է անոր զօրակցող երեսփոխանական պլոք մը ստեղծել:

Պասիլ շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է թեկնածու պարտադրէ` շեշտելով, որ կա՛մ այս թեկնածուն կ՛ընտրուի, կա՛մ քաոսի կը վերածուի երկիրը:

«Պիտի չարտօնենք, որ դաւադիրներն ու արկածախնդիրները երկիրը առաջնորդեն այնպիսի քայլերու եւ ընտրանքներու, որոնք քանդիչ են քրիստոնեաներուն եւ Լիբանանի համար:

Նախորդը

«Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Մըն Է, Իսկ Թեհրան Կը Զօրակցի Լիբանանեան Համախոհութեան» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Այսօր Յորդանանի Մէջ Սուրիոյ Մասնակցութեամբ Արաբական Սեղմ Ժողով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.