Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:
Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք Պըրրիին հաստատած է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով կը գործադրեն օրէնքը` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին պիտի ունենայ իր դերակատարութիւնը:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ լիբանանեան օրէնքները պէտք է գործադրուին ամբողջ Լիբանանի տարածքին` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութիւնը անհրաժեշտ է, որ ապահովուի լիբանանեան օրէնքի շրջագիծին մէջ:
«Սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան մուտքն ու անկէ անոնց ելքը պէտք է օրինական կերպով գրանցուի», ըսաւ ան:
Մաուլաուի շեշտեց, որ Պըրրիին յայտնած է, թէ իրենք այս քայլերուն կը դիմեն պաշտպանելու համար Լիբանանն ու լիբանանեան օրէնքը` առանց վնասելու մարդկային իրաւունքներուն, այլ` պահպանելով լիբանանեան պետութեան գերագոյն շահերն ու օրինական ընդհանուր համակարգը», հաստատեց ան:


