Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր սուրիացի պատասխանատուներու հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ Պայսարի այս քայլին դիմեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ իր կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները համադրելէ ետք:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը փլուզուի, իսկ երկրին փտած  իշխանութեան ու կառավարումի վատ ձեւին պատճառով լիբանանցիները կ՛արտագաղթեն` որոնելով այնպիսի երկիրներ, ուր պետութիւնները մարդ արարածը կը յարգեն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ մասնակցեցաւ արաբական երկիրներու նաւահանգիստներու բարգաւաճման Արաբական լիկայի կազմակերպած աշխատանիստին: Համիէ հաստատեց արաբական բոլոր երկիրներու նաւահանգիստներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ յարաբերութիւններն ու բարեկարգումի վերաբերող օրէնքները: Քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Ատուան ընդգծեց գործնական քայլերու դիմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի տեղահանուածներուն անմիջական տունդարձը ապահովուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց ազգային պատասխանատու կեցուածքներ որդեգրելու կարեւորութիւնը` երկիրը զետեղելու համար յոյսի մակարդակին վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ պէտք չէ սպասել արտաքին աշխարհին եւ օտար պատուիրակներու այցելութիւններուն, այլ` պէտք է ներազգային երկխօսութիւն կատարել, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութեան շուրջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները մօտալուտ կը թուին ըլլալ` նկատի ունենալով, որ շրջանային համաձայնութիւններու մթնոլորտը հասած է Լիբանան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի կացութեան յաւելեալ վատթարացումէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատի հետ: Ժեմայէլ հաստատեց, որ երկիրը Հըզպալլային յանձնել կը նշանակէ լիբանանցիները յաւելեալ նուաստացումի ենթարկել: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որ հաստատեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլորին կողմէ ընդունելի ըլլայ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց մարդկային իրաւանց յանձնառու երկիրներուն` օժանդակելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կատարելու առաքելութեան:

 

 

Նախորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ապագայ Լրագրողները Քննարկեցին Իրենց Գրութիւններն Ու Հրատարակուած Առաջին Աշխատանքը

Յաջորդը

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.