Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Այլափոխումը Կամ Ժողովուրդներու Զգայազրկումը

May 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ամբողջ ժողովրդային խաւի մը ցնցոտիացման պայմաններուն մէջ կը նշուի աշխատաւորական տօնը: Արժեզրկուող աշխատավարձեր, գործազրկութիւն, կենսաթոշակի փոշիացում, հիւանդանոցային բուժման կարելիութիւններէ ամբողջական զրկում եւ նուազագոյն կենսական առումով պետական ծառայութիւններու ի սպառ բացակայութիւն:

Լիբանանի դէմ կիրարկուող տնտեսական պաշարումի քաղաքականութենէն կը տուժէ հիմնականին մէջ  քաղաքացին, ծայրայեղ աղքատութեան իրավիճակի խորերը ներքաշուելով:

Խնդիրը այս բոլորին զանգուածային ձեւով չհակազդելու իրականութեան մէջ կը կայանայ: Նախապէս, ամբողջ աշխարհը ականատես կը դառնար աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու շարժումներու, որոնց հետ հաշուի կը նստէր գործող կառավարութիւնը: Աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները  ունէին հակակշիռ գործողութիւն իրականացնելու գործառոյթ եւ թոյլ չէին տար, որ միակողմանի, աշխատաւորներու իրաւունքները շրջանցող որոշումներ կեանքի կոչուին: Մինչեւ անգամ գործադիր իշխանութիւնը հրաժարական կու տար ի տես համադաշնակցութիւններու սանձազերծած բողոքի զանգուածային գործողութիւններուն: Պահանջներ, բանակցութիւններ, որոշումներու վերանայումներ, չեղարկումներ կամ առնուազն միջին լուծումներ` արդիւնք էին այդ համադաշնակցութիւններու ձեռնարկած շարժումներուն:

Աշխարհը ականատես դարձաւ աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու հետզհետէ չէզոքացման: Ֆրանսայի մէջ էր, որ վերջերս վերազարթնում ապրեցան անոնք` թոշակի տարիքի բարձրացման օրինագիծին դիմաց: Դասական ձախը ընդհանրապէս իբրեւ գաղափարախօսութիւն կը հովանաւորէր, կը հետեւէր, կը զօրակցէր աշխատաւորական համադաշնակցութիւններուն: Ֆրանսական վերազարթնումը անպայմայն չէր նախանշեր դասական ձախի վերակայացումը: Եւ այստե՛ղ է խնդիրը: Երբ կ՛արձանագրուի հասարակութիւններու ապագաղափարացումը, համադաշնակցային համակարգերը յանկարծակի կը յայտնուին, մագլցում կ՛արձանագրեն եւ կը վերադառնան ի շրջանս իւր` ծառայած ըլլալով այս կամ այն քաղաքական ուժի առաջադրանքին, այս պարագային ընդդիմութեան ձեռնարկած իշխանափոխութեան փորձին:

Ներկայ հասկացողութեամբ ամէն ինչի քաղաքացիականացումը կ՛ապագաղափարացնէ հասարակարգերը: Համադաշնակցութիւնները կը վերածուին քաղաքացիական շարժումներու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնք մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, հակափտածութեան պայքարի կարգախօսերով կը վերափոխեն հասարակական շարժումներու էութիւնը, բովանդակութիւնն ու ուղղուածութիւնը:

Այս գործընթացներով է, որ աշխատաւորական շարժումները կը վերափոխուին այսօրուան քաղաքացիական շարժումներու կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու:

Վերադառնանք լիբանանեան իրականութեան: Հարցումը ճնշիչ է: Ինչո՞ւ չեն աշխուժանար աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները, ի տես ժողովուրդի ծայրայեղ աղքատացումին, իրաւազրկումներուն, մարդկային կենսական ապրելակերպի կամ նուազագոյն զամբիւղի անհասանելիութեան հանգամանքներով ստեղծուած ահագնացող ճգնաժամին:

Անոնք իրենց տեղը զիջած են քաղաքացիական շարժումներուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը գործեն, կ՛աշխուժանան, երբ քաղաքական պահը հասուննայ, երբ ահազանգը հնչէ: Այդ զանգին կոճակը յայտնաբար լիբանանեան տարածքներէ դուրս է: Այս երկիրը ոչ միայն պետական-քաղաքական առումով կը հեռակառավարուի, այլ նաեւ հասարակական մակարդակով:

Կա՛յ տեսակէտ, որ առաւելաբար ազգային խնդիրները չեն, որ շարժիչ գործօնի դեր կ՛ունենան ժողովուրդներու բողոքարկման զանգուածայնացման մէջ: Ժողովուրդները կը շարժին, երբ ընկերային  գետնի վրայ կ՛իրաւազրկուին, տնտեսապէս կը հարուածուին եւ ուղղակի խնդիր կ՛ունենան հանապազօրեայ հաց վաստակելու:

Ընկերատնտեսական այս կարմիր գիծերը վաղուց հատուած են Լիբանանի մէջ: Ժողովուրդը շարժելու տրամադրութեան մէջ չէ: Պարագայական բողոքներ, ցասումի առանձնակի երեւոյթներ, անյուսալի վիճակի մասին տարբեր առիթներով կատարուող բարձրաձայնումներ: Այդ սահմաններէն դուրս չի գար հասարակութիւնը: Հակազդելու  զգայնութիւնը կը  թուի, որ կորսուած է, եւ ձեւաւորուած զգայազուրկ հասարակութիւն մը:

Համաշխարհային գործընթացները որոշ միջավայրերու մէջ  զգայազրկած են հասարակութիւնները եւ միայն յարմար դատուած պահուն արտաքին ներարկումներով ոտքի կը հանեն ժողովուրդները:

Արժէքային համակարգի փոփոխութիւններու ներկայ ժամանակներուն մէջ մայիսմէկեան խորհուրդը եւս չի ներկայացներ նախկին նշանակութիւնը:

Երկրին վերականգնումը կը սկսի կրթութենէն: Կրթութիւնը կ՛ենթադրէ առաջին հերթին արժանապատիւ կենսակերպի համար պայքարող, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական, քաղաքացիական եւ մարդկային իրաւունքներուն տէր կանգնող անհատի պատրաստութիւն: Մայիս մէկը ա՛յս հրամայականներուն յուշարարն է:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Ռուսիոյ Մարզիկները Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան Եւ Ողիմպիական Խաղերուն

Յաջորդը

Լուքա Մոտրիչ Քանի Մը Մրցումով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.