Սպանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ մինչեւ յունիս 2024 երկարաձգեց ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի գործող պայմանագրութիւնը:
Ըստ սպանական մարզական մամուլին, յառաջիկայ տարեշրջանը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` արքայական ակումբին հետ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 20 մրցումի, նշանակած 14 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:


