Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

April 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՛արձանագրէ: Բերձորի  միջանցքին վրայ` Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ Հակարի գետի կամուրջին կից Ազրպէյճանը իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է, Պաքուն յայտարարած է, որ անցագրային վերահսկողութիւնը կ՛իրականացուի ռուս խաղաղապահներու հետ համագործակցութեամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը հաստատէր, որ Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ Բերձորի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման եւ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ համաձայնութիւններուն վերադառնալու համար: Ըստ դիւանագէտին, Մոսկուան սկզբունքօրէն կարեւոր կը նկատէ, որ պաշտօնական Երեւանը իր ներդրումը ունենայ փոխընդունելի լուծումներու որոնման առաջադրանքին մէջ:

Յայտարարութեան առաջին բաժինը հաւասար հեռաւորութեան կանոնի պահպանումն է: Պարզ է տրամաբանութիւնը. Մոսկուան կը դիմադրէ հաւաքական Արեւմուտքի զուգահեռ միջնորդութեան եւ կ՛ուզէ իր ձեռքին մէջ պահել միջնորդի կարգավիճակը:

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը սակայն կը խախտէ հաւասար հեռաւորութեան կանոնը, երբ միակողմանիօրէն Երեւանէն կ՛ակնկալուի ներդրում ունենալ փոխընդունելի լուծումներու գործընթացին մէջ:

Արցախը շրջափակողը Ազրպէյճանն է. անցակէտ տեղադրողը` նոյնպէս: Ակնկալութիւնը  Երեւանէն է:

Ռուսական հայեցակէտերէ փորձենք դիտարկել գործընթացները: Ակնկալութիւնը այս պարագային նոյեմբերեան համաձայնութեան 9-րդ կէտի իրականացումն է 6-րդ կէտին դիմաց: Այնպէս կ՛ընկալուի, որ 6-րդ կէտը համաձայնութեան վերադարձնելու համար պէտք է աշխատցնել 9-րդ կէտը: Այսինքն` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը: Ա՛յս հակակշռոյթ  տրամաբանութեամբ կ՛ընթանան իրադարձութիւնները: Միջանցք միջանցքի դիմաց, ճանապարհ ճանապարհի դիմաց, անցակէտ անցակէտի դիմաց: Հայաստան- Արցախ միջանցքը փակ կը մնայ, այնքան ատեն որ չի բացուիր Նախիջեւան- Ազրպէյճան ճանապարհը: Անցակէտ կը տեղադրուի, այնքան ատեն որ բացուելիք ճանապարհին վրայ Երեւանը պիտի տեղադրէ անցակէտ: Պաքուն ապաշրջափակման փաթեթային գործարք կ՛առաջարկէ այս ձեւով Երեւանին, ըստ էութեան սակայն Մոսկուային: Եթէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին վրայ պիտի տեղակայուին հայկական եւ ռուսական միացեալ անցակէտեր, ապա նոյնը կը պահանջեն Հայաստան-Արցախ միջանցքին վրայ:

Պաքուն կը շահարկէ տարածաշրջանին մէջ միջնորդական հակամարտութեան պայմանները եւ Մոսկուային նոր պայմաններ կ՛առաջարկէ այս ձեւով, ըստ էութեան վերափոխելով նոյեմբերեան համաձայնութիւնը:

Այլ կերպ դժուար է մեկնաբանել Մոսկուայէն Երեւանին ուղղուած ակնկալութիւնները:

Ապաշրջափակման եւ անցակէտի տեղադրման դիմաց հայկական կողմէն կ՛ակնկալուի փոխընդունելի քայլերու դիմել:

Տարբեր է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը, որ  ընդգծած է, թէ Բերձորի միջանցքին վրայ ազրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարուածութեան մեղմացման  Եւրոպական Միութեան կոչերուն:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ կը նկատուի ոճային եւ բովանդակային փոփոխութիւն: Նախադրեալները կը յուշէին Մոսկուայի միջնորդութեան վերաշխուժացում` ստեղծուած վիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Պարզ դարձաւ, որ Ռուսիոյ մէջ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Մոսկուան հաստատեց, որ հանդիպման շուրջ կայ եռակողմ համաձայնութիւն:

Հանդիպումի նախօրեակին Երեւանէն կը սպասուին հարցերու կարգաւորման համար փոխընդունելի լուծումներ:

«Ա.»

Նախորդը

Ըստ Զախարովայի. Լաչինի Միջանցքի Իրավիճակի Կարգաւորման Ջանքեր Կը Գործադրուին

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.