Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաւարէն Դէպի Լոյս. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

April 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ

Մեծ եղեռնը խոր հետքեր ձգեց հայ ազգին վրայ` պատճառելով անչափելի ցաւ ու տառապանք այս վայրագութիւններէն տուժած անհատներուն: Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն ամենազգայուն պարագան յատկապէս որբ մանուկներու պարագան է, քանի որ անոնք ոչ միայն կորսնցուցին իրենց ընտանիքները, այլեւ` ինքնութեան զգացումը: Հայ որբերուն թիւը ահաւոր մեծ էր Ցեղասպանութենէն ետք, հետեւաբար այս որբերուն հոգատարութիւնը մասամբ ստանձնեցին օտար ընտանիքներ եւ մասամբ` որբանոցներ: Այս յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին վրայ` հիմնուելով Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանին ներկայացուցած իրողութիւններուն վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ծառայելու իբրեւ ամուր յիշեցում` այս որբերուն կորովին եւ առաձգականութեան:

Թանգարանը լաւ նախագծուած է այցելուներուն յետեղեռնեան թուականներուն որբանոցին մթնոլորտին մէջ դնելու: Թանգարանին մուտքին կը գտնուի Մարիա Ճէյքըպսընին շիրիմը` «Մամա»-ն, որ կեանքը տրամադրեց որբանոցի հազարաւոր որբերուն համար: Մուտքին նաեւ կը գտնենք որբերու արձանիկներ, որոնք տարօրինակ կը թուին, որովհետեւ քանդակուած են բացութիւններով. այս բացութիւնները կը նեկայացնեն հոգեխոց որբերուն տանջանքները եւ վէրքերը: Միաժամանակ կը լսենք մանուկներու ձայներ, որոնք մեզ կը մղեն թանգարանը աւելի իրատեսական դիտանկիւնէ քննելու:

Թանգարանը կը բաղկանայ երեք գլխաւոր բաժիններէ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, որբերուն կենցաղը եւ հայերու վերածնունդը ներկայացնող բաժիններ: Առաջին բաժինը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան դէպքերու ժամանակագրութիւնը` ցուցադրելով վաւերական պատկերներ, քարտէսներ եւ մատնանշելով Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրները:

Այս բաժինին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց փճացած ու վնասուած զանգակը, որ կը նկարագրէ հայկական եկեղեցիներուն դաժան աւերումը. իսկ անոր բացակայ լեզուակը կը խորհրդանշէ թշուառ ժողովուրդին անհասանելի ձայնը համայն աշխարհին: Հասնելով թանգարանի երկրորդ բաժինը` կ՛անցնինք տառապանքէն եւ ցաւէն դէպի որբերուն նոր կեանքը «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ:

Այս բաժինին մէջ քարտէսներու միջոցով կը տեսնենք Միջին Արեւելքի հայերու որբանոցներու լայն ցանցը եւ տարբեր, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու դերը` որբերու խնամքին ու վերաբնակեցման մէջ: Նաեւ կը տեսնենք փաստաթուղթերու ամբողջութիւն մը, որուն վրայ ամէն մէկ որբի անունը եւ այլ տեղեկութիւններ արձանագրուած են: Այս թուղթերը միակ փաստը եղած են որբերու գոյութեան եւ ինքնութեան, որովհետեւ որբանոցէն դուրս ոչ ոք կը ճանչնար զանոնք: Երրորդ բաժինը կը կեդրոնանայ Լիբանանի հայ համայնքի վերածնունդին վրայ: Ան կը ներկայացնէ իրենց ժամանակի ընթացքին զարգացումը` վրաններու տակ, ապա փայտէ տնակներու մէջ եւ վերջապէս` կազմակերպուած թաղամասերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ այլ բարեսիրական ու մարզամշակութային միութիւններու մէջ: Նաեւ ցուցադրուած են առարկաներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն հայերու իւրացուցած տարբեր արհեստները, ինչպէս` կօշկակարութիւնը, լուսանկարչութիւնը, կարը եւ այլն: Ի վերջոյ, այցելութիւնը կ՛աւարտի Մարիա Ճէյքըպսընի սենեակով, ուր ցուցարդուած են անոր գրասեղանն ու անձնական իրերը:

Թանգարանէն դուրս գալու ընթացքին ուշադրութիւնս կը գրաւէ Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին վրայի ծառը: Այս ծառը այն հարիւրաւոր որբերն են, որոնք շնորհիւ Մարիա Ճէյքըպսընի բարեգործութեան եւ երախտիքին` ծաղկեցան, զարգացան եւ հիմքը դարձան ապագայ սերունդներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարան այցելելը յուզիչ փորձառութիւն մըն է, որ շարք մը զգացումներ կը յառաջացնէ ոեւէ անհատի ներաշխարհին մէջ: Թանգարանի մթնոլորտը, թէեւ` խաղաղ, մռայլ է, եւ ոչ մէկ այցելու կրնայ չյուզուիլ այս երեխաներուն պատմութիւններէն եւ անոնց կրած տառապանքներէն: Միեւնոյն ժամանակ թանգարանը յարգանք եւ հիացմունք կը ներշնչէ որբերուն տոկունութեան եւ քաջութեան հանդէպ, որոնց շնորհիւ անոնք կրցան յաղթահարել անհամար խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ:

Մինչ կը շարունակենք դասեր քաղել անցեալէն եւ կը ձգտինք աւելի լաւ ապագայի, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը հանդէս կու գայ իբրեւ յոյսի խորհրդանիշ եւ կոչ` երբեք չմոռնալու կատարուած ոճրագործութիւնները եւ աշխատիլ հասնելու ապագայի մը, ուր նման դէպքեր չեն կրկնուիր:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.