«Սքայ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուէ մը, կը հաղորդէ, որ Հըզպալլա Համասի մարտիկներ կը մարզէ` Իսրայէլը հեռահար հրթիռներով ռմբակոծելու նպատակով:
Նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ Իրանի Յեղափոխական բանակին, Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ միջեւ կայ համագործակցութիւն` Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի մարտիկները ռազմական վարժողութիւններու ենթարկելու իմաստով:
Ամերիկացի պատասխանատուն ընդգծեց, որ այդ մարզումները տեղի կ՛ունենան Պեքաայի մէջ: Մարզումներէն ետք Համասի մարտիկները կը փոխադրուին հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայանները, ուր անոնք Հըզպալլայէն կը ստանան հեռահար հրթիռներ` Իսրայէլի վրայ յարձակելու համար:


