Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող ապօրինի հրթիռային մարտկոցները զարմանալի չեն` նկատի ունենալով, որ սահմանային շրջանները վերածուած են ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններու գործելադաշտին:
«Հետեւաբար բնական է, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները համաձայն չըլլալով հանդերձ վճարեն երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի դրութիւնը որոշող այդ միլիսներու արարքներուն գինը», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու անոր դաշնակիցները Լիբանանը կ՛օգտագործեն իբրեւ մարտկոց` Իսրայէլի հետ հաշիւներ մաքրելու եւ պատգամներ հասցնելու: «Վերջերս հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններուն մէջ արձանագրուածը փաստ մըն էր, որ Լիբանանի հիմնական հարցերէն մէկը այն է, որ Լիբանանի սահմանային շրջանները զսպելու որոշում չկայ», յայտնեց ան:
Ժեմայէլ նկատել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլա չի կրնար այս բոլորէն անմեղ դուրս գալ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնը կազմակերպող հիմնական ուժն է, հետեւաբար ան ուղղակիօրէն պատասխանատու է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ հոն արձանագրուող ապահովական ու զինուորական գործողութիւններուն:
Ան հաստատեց, որ այս իմաստով լիբանանեան բանակը ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունի, որովհետեւ ան ենթակայ է երկրին քաղաքական իշխանութեան որոշումին եւ յանձնառու կը մնայ գործադիր իշխանութեան հրահանգներուն:
«Հարցը բնաւ լիբանանեան բանակին չի վերաբերիր, այլ քաղաքական որոշումին, որ կը հրահանգէ բանակին եւ կ՛արգիլէ զայն, որովհետեւ քաղաքական իշխանութիւնը իր կարգին ենթակայ է Հըզպալլայի որոշումին», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով նախագահական դատարկութեան փուլին` Ժեմայէլ շեշտեց, որ քաթարցի պատուիրակը ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ներկայացուցած է Լիբանանին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան այսօր խիստ կարիքը ունի նախագահական ընտրութեան` աւելցնելով, որ նախագահական փոխզիջումնային համաձայնութեան մը յանգիլը հաւանական է` նախագահական դատարկութեան մթնոլորտէն դուրս գալու համար:


