ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, վառելանիւթի սակերը սղած են եւ նուազած: Այսպէս, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 37.000 լ. ոսկիի բարձրացում եւ 98 օքթան պենզինը` 37.000 լ. ոսկի բարձրացում, մինչ մազութի թիթեղին սակը արձանագրեց 2.000 լ. ոսկիի նուազում, իսկ պիւթակազը` 18.000 լ. ոսկիի նուազում: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.821.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.863.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.573.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.104.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, արդարութեան եւ վարչական հարցերու, պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 21-էն երկուշաբթի, 24 ապրիլ` Ֆիթրի տօնին առիթով: Միքաթի հրապարակեց նաեւ այլ շրջաբերական մը, ըստ որուն` պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 1 մայիսին` Աշխատաւորաց տօնին առիթով:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Ծաղկազարդի տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն կը պակսի բարեկարգումի գործադրութեան եւ փրկութեան քայլեր առնելու, ինչպէս նաեւ քաջ որոշումներ տալու կամքը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար հաւանական նկատեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիսին, այսինքն` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին տեղի չունենան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց քուէյթցի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Ռահման Մթայրիի` տեղեկատուութեան նախարար վերանշանակուելուն առիթով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը չի փափաքիր քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգել` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները կայացնելու համար յատկացուելիք գումարին մասին կառավարութիւնը պատասխան ունի եւ ոչ թէ քաղաքական ուժերը: Ան նշեց, որ եթէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կարելի չըլլայ կատարել, ապա իրենք խորհրդարանի օրինաթիւ պիտի ապահովեն` երկարաձգելու համար ներկայ քաղաքապետական խորհուրդներուն պաշտօնավարութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ հաստատութիւններու եւ վարչութիւններու պաշտօնէութիւնը իր յայտարարած գործադուլը երկարաձգեց մինչեւ 21 ապրիլ 2023:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանան մեծ է իր ներքին միասնականութեամբ եւ ազգային համերաշխութեամբ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ս. Յարութեան տօնին ճշմարիտ արժէքն ու իմաստը լիբանանցիներուն դիմաց կը բանան երկրին տագնապները սիրոյ հոգեբանութեամբ լուծելու կարելիութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը հասաւ Թեհրան` աւելցնելով սակայն, որ անոր բանալին կը գտնուի Ուաշինկթըն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու շեշտեց, որ իրենք պիտի մերժեն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պարտադրելու փորձերը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի հաստատեց, որ երկխօսութիւնը եւ փոխըմբռնումը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հիմնական միջոցներն են:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ շեշտեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը միասնական դարձած են` արգիլելու համար դիմադրութեան առանցքի թեկնածուին նախագահական պալատ հասնիլը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ փոփոխութեան երեսփոխանները կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը փարատէ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները եւ միայն պետութեան նկատմամբ կողմնակալ կ՛ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ կը մերժէ անուններու խաղին մէջ մուտք գործել` հաստատելով, որ կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան:
ՆԱՀԸԺ կուսակցութեան ղեկավար Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային այսպէս կոչուած ընդդիմութեան կողմէ պիտի լսուի համաձայնութեան մը մասին, որ ձեւականօրէն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի անունին շուրջ չէ:


