Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Մեր Դռները Փակ Են Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Առջեւ»

April 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր դռները փակ են Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյքի առջեւ: Վերջինս հանդիպում ունեցած էր յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան մէջ ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ:

Թրքական «Սթար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ ամերիկացի դիւանագէտը «պէտք է իր տեղը գիտնայ»` աւելցնելով. «Պէտք է սորվի, թէ դեսպանները ինչպէ՛ս կը գործեն, այլապէս պիտի չկարենայ Էրտողանի դռնէն մտնել»:

Նշենք, որ Էրտողան նախագահական ընտրութիւնը որակած է «պատմական ու շրջադարձային»` կարծիք յայտնելով, որ թուրք ժողովուրդը «անոր ընթացքին ճիշդ որոշում պիտի տայ, մինչ Թուրքիան կը շարունակէ իր զարգացումի երթը»:

Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 մայիսին: Նախագահի պաշտօնին թեկնածուներն են գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, «Ընդդիմադրութեան դաշինք»-ի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու, «Երկիր» կուսակցութեան թեկնածու Մուհարամ Ինճէ եւ «Աթա» դաշինքի թեկնածու Աթա Սինան Օղան:

Վերջին հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ Քըլըչտարօղլու 10 կէտով կը գերազանցէ Էրտողանը: 8 մարտին, «Աքսոյ Ռիսըրչ»-ի հրապարակած հարցախոյզին համաձայն, քուէարկողներուն Քըլըչտարօղլուի նկատմամբ զօրակցութիւնը 55,6 առ հարիւր է, իսկ Էրտողանի նկատմամբ` 44,4 առ հարիւր:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ Ճակատագրական Ճակատումը` Մըզհերի Մէջ

Յաջորդը

«Վակներ» Պախմութի Քաղաքապետարանին Վրայ Բարձրացուց Ռուսիոյ Դրօշը. Քիեւ. «Տակաւին Քաղաքին Կը Վերահսկենք»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.