Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, շաբթուան գագաթի ճակատումին հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը:
Արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Պայէրն պարագլուխի դիրքը խլեց Տորթմունտէն` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ:
Անիկա այժմ ունի 55 կէտ, մինչ Տորթմունտի կէտը մնաց 53:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Կրեկոր Քոպել (13-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Թոմաս Միւլըր (18-րդ եւ 23-րդ) եւ Քինկզլի Քոման (51-րդ):
Այսպիսով, Պայէրնի նոր նշանակուած մարզիչ Թոմաս Թուխել, իր նորամուտը նշանակեց յաղթանակով, եւ այդ մէկը` իր նախկին ակումբին դէմ:
49 տարեկան Թուխել նախապէս 2015-էն 2017 եղած է Տորթմունտի մարզիչ:


