Սէուտական Հիլալ ֆութպոլի խումբը սպանացի 37 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Ռամոսին կ՛առաջարկէ տարեկան 30 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ»-ը:
Յունիսին Ռամոսի պայմանագրութիւնը Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կը հասնի իր աւարտին, եւ ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին:
Ռամոսի համաձայնութիւնը ստանալու համար Հիլալ պատրաստ է նաեւ առաջարկելու 50 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Ռամոսով հետաքրքրուած է նաեւ սէուտական այլ կազմ մըն ալ` Նասըրը, որուն մաս կը կազմէ փորթուգալցի 38 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:


