Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. 37.900 Ամ. Տոլար` Ի Նպաստ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

April 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հետ համախորհուրդ, 2022-2023 կրթական տարեշրջանի սկիզբը` Լիբանանի ապրած  ներկայ սուր ճգնաժամին մէջ ծնողներու նիւթական պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու, նորահաս սերունդը մշակութային դաստիարակութենէն ու կազմաւորումէն չզրկելու, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներու դասախօսական կազմերը մասնագիտական ու որակական բարձր մակարդակի վրայ պահելու առաջադրութեամբ, երկար քննարկումներէ ետք կատարեց պիւտճէական յստակացումներ, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան ներկայ ժամանակներուն պատշաճող խորհրդանշական կրթաթոշակներ: Այս բոլորը իրականացնելու համար` իբրեւ զուգահեռ ու կարեւոր աշխատանք, որոշուեցաւ շարունակել ու ծաւալել անցնող տարի հաստատուած սան որդեգրելու ծրագիրը:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն մեծ թիւով համազգայնականներ ու Համազգայինի բարեկամներ, գեղարուեստի դպրոցներու շրջանաւարտներ, տարբեր երկիրներու շրջանային վարչութիւններ եւ համայնքային-կրօնական կառոյցներ զօրակցութիւն յայտնեցին եւ գործնապէս սատարեցին այս ծրագիրին:

Ասոր զուգահեռ` ներքին հասութաբեր ձեռնարկները, որոնք իրագործուեցան ծնողական ու ընկերային յանձնախումբերու կողմէ, եկան իրենց լուման ներդրելու այս խիստ կենսական ծրագիրին:

Անշուշտ ծրագիրի ամէնէն յատկանշական նախաձեռնութիւնը դարձաւ Սէրուժ Գրաճեանի համերգը, երբ միջազգային համբաւի արժանացած նախկին լիբանանահայ արուեստագէտը անվերապահօրէն եւ մեծ խանդավառութեամբ արձագանգեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին եւ բարեսիրական արժանավայել քայլով մը որոշեց «Սաներու ֆոնտ»-ին համար տալ ելոյթ մը Լիբանանի մէջ:

Սէրուժ Գրաճեան իր այս օրինակելի քայլով արուեստի անմոռանալի պահ մը նուիրեց լիբանանահայութեան եւ նաեւ զօրավիգ դարձաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն:

Այս ձեռնարկին առիթով մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային եւ արեւմտեան, ինչպէս նաեւ Քանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի վարչութեան եւ Համազգայինի բարեկամներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ հնարաւոր դարձուցին Սէրուժ Գրաճեանին եւ արուեստագէտներու խումբի հիւրընկալումը Լիբանան:

Այս առիթով յայտնենք նաեւ, որ այս տարեշրջանին Շրջանային վարչութիւնս իր ծրագիրներուն իրականացման համար մի՛շտ ալ վայելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը:

Արդ` վարչութեանս տարեսկիզբէն մինչեւ այսօր կատարած ծրագիրներու հանրագումարը` արգասիքը հանդիսացաւ սան որդեգրելու ծրագրի յաջողութեան, ու կարելի դարձաւ ցարդ ապահովել երեսունեօթը հազար ինը հարիւր ամ. տոլար: Յառաջիկայ ամիսներուն նաեւ նախատեսուած են սան որդեգրելու ծրագրին օգտաշատ հանդիսացող այլ նախաձեռնութիւններ:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 3 ապրիլ 2023

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իրականութիւնը Որպէս Մեղադրանք

Յաջորդը

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.