Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները

April 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մահացաւ Մատենադարանի Գլխաւոր Աւանդապահ,
Ձեռագրագիտութեան Բաժինի Վարիչ Գէորգ Տէր Վարդանեանը

Վերջերս մահացաւ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ձեռագրագիտութեան բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Գէորգեան ճեմարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Գէորգ Տէր Վարդանեանը:

Ան ծնած է 9 յունուար 1951-ին, Շամշադինի շրջանի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղը: Ուսած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժինը, որ աւարտած է իբրեւ պատմաբան-աղբիւրագէտ:

Գ. Տէր Վարդանեան աշխատած է` 1974-ին  Մատենադարանի մէջ, 1978-ին` իբրեւ աւագ գիտաշխատող եւ գլխաւոր աւանդապահ, 1992-ին` ձեռագրագիտութեան բաժինի վարիչ եւ գլխաւոր աւանդապահ: Մինչ 1995-1998 թուականներուն զբաղեցուցած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնը: 2016 թուականին ստացած է պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան:

Գէորգ Տէր Վարդանեան եղած է մեծ հեղինակութիւն հայ ձեռագրագիտութեան ասպարէզին մէջ, հայերէն ձեռագիր մատեանի բազմահմուտ եւ  քաջագիտակ մասնագէտ: Բացառիկ է անոր դերը «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան մատենադարանի»  բազմահատորեակի կազմման եւ խմբագրման գործին մէջ:

Ան հեղինակած է մօտաւորապէս 200 յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ եւ մենագրութիւններ: Մեծ է նաեւ անոր մանկավարժական վաստակը: Տարիներ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գէորգեան ճեմարանի մէջ, ինչպէս նաեւ պատրաստած է ձեռագրագէտներ մատենադարանին մէջ:

Միջազգային բազմաթիւ գիտաժողովներու մասնակցած ըլլալուն եւ օտար լեզուներով իր հրապարակումներուն շնորհիւ` Գէորգ Տէր Վարդանեան մեծ համբաւ ունեցած է նաեւ միջազգային հայագիտութեան մէջ: Անոր վկայութիւններէն մէկը այն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան հրաւէրով տարիներ շարունակ պարբերական այցելութիւններով կատարած է Սուրբ Ղազարի մատենադարանի ձեռագրական նիւթի մատենագիտական-ձեռագրագիտական մշակումը:

Մեծ է նաեւ անոր վաստակը արտերկրի մէջ հայկական մշակոյթը ներկայացնելու գործին եւ ձեռագրական ցուցահանդէսներու կազմակերպման ասպարէզին մէջ: Վերջինիս յաջողութիւններէն է 2008 թուականի Ֆրանսայի կառավարութեան հրամանագրով «Գրականութեան եւ արուեստներու շքանշան»-ով պարգեւատրուիլը` 2007 թուականին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ծիրին մէջ Մատենադարանի մասնակցութեամբ կայացած ցուցահանդէսներուն  համար:

2022 թուականին Գէորգ Տէր Վարդանեանի մշակոյթի ոլորտին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին, երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար եւ Թանգարաններու միջազգային օրուան կապակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկիէ մետալով:

Ոչ Եւս Է Պատմաբան Եւ Դաստիարակ
Դոկտ. Կարապետ (Կարօ) Մոմճեան

28 մարտին Լոս Անճելըսի մէջ  մահացաւ պատմաբան եւ դաստիարակ դոկտ. Կարապետ (Կարօ) Մոմճեանը:

Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը աւարտած Կ. Մոմճեան, իբրեւ պատմաբան, հեղինակած է շարք մը յօդուածներ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին  ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցած է գիտաժողովներու եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ եղած է Մեսրոպեան ազգային վարժարանի տնօրէն եւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարանի փոխտնօրէն:

 

Նախորդը

Լուսաւոր Գիշեր. Յաղագս Ալբերտ Մուշեղեանի Եւ Խորենացի Պատմահօր

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Երրորդ Թիւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.