Ստորեւ կը ներկայացնենք 18 մարտին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահին մէջ Համազգայինի 95-ամեակի ծիրին մէջ կայացած միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի համերգին վերաբերող ապրումներ եւ տպաւորութիւններ:
Սէրուժ Գրաճեանի համերգը ցնցիչ յայտնութիւն մը եղաւ լիբանանահայութեան համար: Յայտագիրը` ամփոփ, ուսումնասիրուած, եւ կարկինը շատ լայն բացած. հարաւ-ամերիկեանէն մինչեւ Ազնաւուրի ֆրանսականն ու գնչուներու պարը, հայկականէն` արաբականը, դասականէն` հայրենասիրականը, մինչեւ իսկ` ժողովրդականն ու մանկականը: Անոր ընկերակցող երեք արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրը փայլատակող աստղ (vedette) մըն էր բեմին վրայ, յատկապէս` ջութակահար Արամ Ասատրեանը:
Բեմին վրայ Սէրուժ յայտնապէս շրջանցած էր մասնագիտական սովորական մարտահրաւէրները. անթերի կատարում, ցայտուն արուեստավարժութիւն (virtuosity), վարպետ մեկնաբանութիւն եւ խորազգաց ապրում: Բայց եւ այնպէս, ծանօթ է, որ դաշնամուրի թերութիւններէն մին կը նկատուի անոր հնչիւնային երանգաւորումներուն (timbre) յարաբերական սահմանափակումը, ինչ որ շուտով տաղտկալի միօրինակութիւն մը կրնայ յառաջացնել ունկնդիրներուն մօտ: Ահա այստեղ է, որ Սէրուժ իր բացառիկութիւնը յայտնեց, երբ իր մատներուն գերզգայուն հպումներով դաշնամուրէն հնչեցուց շատ այլազան երանգաւորումներ` այս գործիքը այլափոխելով իսկական ճոխ նուագախումբի մը: Անոր առաւելութիւններէն են նաեւ իր անձնական շնորհալի եւ տաղանդածին դաշնաւորումները: Անոնցմէ յատկապէս` բոլորին ծանօթ «Զարթի՛ր, լաօ՛» երգի եղանակը, զոր մեզի հրամցուց «փոփոխումներու» (variations) թեքնիք կաղապարով` յստակօրէն պատկերելով ձիաւորներու խիզախ արշաւը:
Հարկ է խոստովանիլ, որ այսպիսի բացառիկ համերգներ քիչ կը հրամցուին լիբանանահայերուն եւ լիբանանցիներուն` ընդհանրապէս. դիպուկ ընտրութիւն, մանրակրկիտ ծրագրաւորում, երկարաշունչ պատրաստութիւն, սերտուած կարգադրութիւններ եւ գրեթէ անթերի իրականացում: Ահա այսպիսի՛ ձեռնարկ մըն է, զոր իրագործեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` արդարացիօրէն նշելով իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ մատնանշելով յաջորդ հանդիսութիւններուն չափանիշները: Բեմի վրայ այլեւս ներելի չե՛ն միջակութիւնները, թող հասկնալի՛ դառնայ հայ հանդիսատեսին վերապահութիւնը անոնց նկատմամբ: Իւրաքանչիւր արուեստագէտ ջանալու է Ս. Գրաճեանին պէս` մոգի նման հմայել հանդիսատեսները:
Ե. ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Երաժշտագիտութեան դոկտոր
Համազգայինի կողմէ հրաւիրուած Սէրուժ Գրաճեանի ու հայրենի արուեստագէտներու այցելութիւնը ու անոնց հանդիպումները, ելոյթներն ու յատկապէս բոլորին գագաթը հանդիսացող Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգը համախմբեցին եզակի զգացումներ ու մտածումներ եւ մեզ մղեցին մտածելու երեք ուղղութեամբ` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ:
Սէրուժ Գրաճեանի համերգը լիբանանահայութիւնը իր անցեալը վերյիշող պատգամով կը ներկայանար:
Սէրուժ Գրաճեանի համերգով մենք վայելեցինք ներկան` յատկանշուած արուեստի իւրայատուկ երաժշտական կատարումներով` հայկական, լիբանանեան, արեւմտեան մեղեդիներով:
Սէրուժ Գրաճեանի այցելութիւնը` իր եզակի համերգով, բոլորս հրաւիրեց` իբրեւ գաղութ, թարմացնելու մեր ուժերը, ստեղծելու այն արուեստի տարածքը, ուր նոր սերունդը իր տաղանդներով ու շնորհներով կը ծաղկի` արուեստի բուրումներով լիացնելու բոլորս:
ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ
Սէրուժ Գրաճեանի ելոյթը սովորական հանդիսութիւն մը չէր, որովհետեւ իր բացառիկ տաղանդին զուգահեռ, մենք ականատես եղանք համեստ, ազնիւ եւ ազգասէր անձնաւորութեան մը: Ան իր բարձրորակ տաղանդը ցուցաբերեց բազմաթիւ ոճերու ընդմէջէն, ինչպէս` Ֆէյրուզի, Շարլ Ազնաւուրի, հայրենասիրական երգերու եւ այլն: Շնորհակալ ենք, որ մեզի ընծայեց վայելքի հրաշալի վայրկեաններ: Հայ ազգը հպարտ է իրմով, վստա՛հ եմ:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Տնօրէն Հայ Աւետարանական
Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի
Իբրեւ ուսուցիչ ճանչցած եմ Սէրուժը` պատանեկան տարիքին, երբ ան դպրոցական ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր այդ օրերուն իսկ հմայելով բոլորս…
Տարիները կ՛անցնին: Սէրուժը կը դառնայ աշխարհահռչակ դաշնակահար: Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով բախտը կ՛ունենամ դիտելու Սէրուժը, որ Լիբանան հրաւիրուած էր համերգ ունենալու` դպրոցի բեմէն տարբեր բեմի մը վրայ, բայց այս անգամ այլեւս` իբրեւ ինքնավստահ ու հանճարեղ արուեստագէտ:
Հմայուած էի Սէրուժին արուեստով, բացառիկ պահեր ապրեցայ Սէրուժին ու իր նուագախումբին հրամցուցած սքանչելի երաժշտական ընտրանիով: Այո՛, ընտրանի, որովհետեւ Սէրուժին արուեստագէտի տաղանդը կերտուած էր իր հարազատ արմատներուն վրայ` թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանցի, ու այդ մէկն էր, որ զիս ա՛լ աւելի հմայեց, նկատի առած, որ Սէրուժը վաղուց հեռացած էր Լիբանանէն ու հայկական վարժարանէն, սակայն ամուր պահած էր իրեն փոխանցուած հայկականութիւնն ու հայ մշակոյթը, ինչ որ յաւելեալ հմայք տուած է արուեստագէտի արուեստին:
Համերգի ընդմէջէն զգացի Սէրուժին կարօտը` Լիբանան հայրենիքին ու հայութեան:
Վերջապէս անբացատրելի զգացում ուրախութեան, յուզումի, գոհունակութեան, հպարտութեան եւ երախտագիտութեան, երբ տարիներ ետք պատանի աշակերտդ կը տեսնես բեմի վրայ` արդէն իբրեւ հռչակաւոր արուեստագէտ ու նոյնքան համեստ ու ազնիւ Հայ Մարդ:
Յարատեւ վերելք, սիրելի՛ Սէրուժ:
ՍՐԲՈՒԿ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Աշխարհահռչակ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանը անգերազանց ապրումներով մեկնաբանեց շատ մը դասական, հայկական եւ լիբանանեան կտորներ:
Նրբանկատօրէն համադրուած հիանալի կատարում, որ աննախընթաց ոգեւորութիւն մը ստեղծեց բոլորիս հոգիներուն մէջ եւ արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու… եւ զարմանալի չէ, թէ ինչո՛ւ:
ԱՐԻՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի
Գործադիր Տնօրէն
ՀԲԸՄ Միջին Արեւելքի Շրջանային Տնօրէն
Սէրուժ Գրաճեանի ձեռնարկը լաւագոյն կերպով թարգմանեց օրուան առիթը, հայու ստեղծագործութիւնն ու Համազգայինի 95 տարիներու աշխատանքի պտուղը: Կը խոնարհիմ Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ 95 տարիներու տիտանական աշխատանքին առջեւ: Ձեռնարկին ծրագիրը, կազմակերպութիւնը, Սէրուժին եւ իր ընկերներուն համաշխարհային որակի կատարողութիւնն ու իր հայու շունչը հայ ու լիբանանցի հանդիսատեսին շնորհեցին ժամանակներէ դուրս փորձառութիւն մը: Սրտագին շնորհաւորութիւն եւ շնորհակալութիւն` իւրաքանչիւր անձի, որ ներդրում ունեցաւ այս ձեռնարկին մէջ: Կը մաղթեմ անսահման յաջողութիւն Համազգայինին եւ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացում Լիբանանի մէջ: Կրկին շնորհաւորութիւն, կրկին յաջողութիւն եւ երկար տարիներու երթ` Համազգայինի այս տիտանական աշխատանքին մէջ: Շնորհակալութիւն:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Սէրուժին թեքնիք նրբագեղութիւնը, կշիռի վարպետութիւնը, երգերու ներդաշնակ ընտրութեան (եւ իմաստուն յաջորդականութեան) հետ միասին, ակնթարթի մը մէջ բազմազգ հանդիսատեսին հետ հզօր զգացական կապ մը ստեղծեցին եւ մեր երաժշտական սովէն ծարաւ հոգիները իսկապէս սնուցեցին:
Նոյնիսկ եթէ այս մեծ ձեռնարկը Համազգայինի 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած չըլլար, կասկած չկայ, որ Համազգայինը միշտ կը գտնուի բարձունքի վրայ` մեր մշակութային կեանքը հարստացնելու եւ մեր հոգիները լեցնելու համար:
ԱՒՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ
Սէրուժ Գրաճեանի անմոռանալի համերգով Լիբանանի Համազգայինի շրջանակը դուրս եկաւ իր թմբիրէն` լիբանանեան իրավիճակէն թելադրուած: Վա՛րձքը կատար` Համազգայինին, Սէրուժ Գրաճեանին ու ընկերակցող հայրենի արուեստագէտներուն` իրենց բարձրորակ եւ արհեստավարժ կատարումին համար, որուն ծարաւը ունի լիբանանահայութիւնը: Իսկ Համազգայինին կը մաղթեմ նոր 95-ամեակներ ու մնայուն վերելք:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Բացառիկ դաշնակահար եւ կատարող, որ մեզ տարաւ մեր կեանքի տարբեր հանգրուաններ: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել Համազգայինը` այս առիթին համար, եւ կը յուսամ, որ շուտով նմանատիպ արուեստագէտներ կրկին տեսնելու հնարաւորութիւնը կ՛ունենանք:
ԹԱԼԻՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ողջունելի է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ գործունէութեան նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն մէկ արտայայտութիւնը եղաւ երաժիշտ ու յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի այցելութիւնը Լիբանան:
Իւրաքանչիւր ձեռնարկ ունի յաւերժական ոգեղինացման նպատակը եւ ամբողջ շաբթուան հետեւողականութեան մէջ իւրաքանչիւրին մօտ կ՛արթնցնէ վեր բարձրանալու տիրական զգացումը:
Սէրուժ Գրաճեան իւրաքանչիւր երգ իր ինքնայատուկ ոճով ու գաղափարներով մատուցեց երաժշտասէր հանրութեան` յորդաբուխ գիտելիքներով ու երեւոյթներով: Սակայն բոլորէն աւելի խոր ազդեցութիւն ունեցաւ «Կիլիկիա» երգը, որ քաղցրահնչիւն բառերով մեզ կ՛ուղղէ դէպի ճշմարտութիւն եւ կեանք:
ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Շատ ուրախ էի այս համերգին ներկայ ըլլալուս համար: Երաժիշտներուն բազմաթիւ տաղանդները գնահատեցի: Սէրուժ Գրաճեանը կրցաւ մեզ բաժնեկից դարձնել իր հարուստ ներաշխարհին, որ արձագանգն էր իր հայկական թէ լիբանանեան արմատներուն: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Մեզի ապացուցեց, որ Լիբանանը եղած է եւ կը մնայ մեր ազգային ժառանգութեան միջնաբերդը` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց ենթակայ է մեր երկիրը:
ՔՐԻՍԹԻՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
Սէրուժ Գրաճեանը դպրոցական տարիներուս արդէն իսկ ծանօթ էր իբրեւ տաղանդաւոր դաշնակահար: Մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին իր արուեստագէտի փայլուն եւ խոստմնալից ներկայութիւնը գնահատուած էր բոլորին կողմէ: Պէյրութեան իր ելոյթը եկաւ ամրագրելու իր հռչակին եւ տաղանդին հանդէպ ունեցած համակրանքս եւ յարգանքս: Արուեստագէտը, իր կատարողական մակարդակին առընթեր, արուեստի եւ ինքնութեան ոգի խթանող է, եւ Սէրուժը այդ երկու էութիւնները համատեղօրէն տարածեց հանդիսատեսներուն վրայ, եւ մենք սրահէն մեկնեցանք ոգեւորուած, հիացած եւ լիցքաւորուած:
ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽԻՒՏԱՎԷՐՏԵԱՆ



