Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կրնայ Ֆիթրի Տօնէն Ետք Դամասկոս Այցելել

March 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, մէջբերելով սէուտցի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ, կը հաղորդէ, որ բանագնացներ աշխատանք կը տանին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի ապրիլի վերջաւորութեան Ֆիթրի տօնէն ետք Դամասկոս հաւանական այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու` նշելով, որ անոնք «զգուշացուցին, թէ բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»:

Սէուտական Արաբիան, Սուրիան եւ այլ արաբական երկիրներէ պաշտօնատարներ աւելցուցած են. «Ռուսական կառավարութիւնը սկզբունքային համաձայնութեան համար միջնորդութիւն կատարած է, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անցեալ շաբաթ Մոսկուա այցելեց»: Այնուհետեւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին շաբաթներուն Սէուտական Արաբիա այցելած են:

Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, որ արաբ պաշտօնատարներու համաձայն, եթէ պաշտօնական համաձայնութիւն գոյանայ, ապա «Սուրիան աւելի լայն շրջանի մէջ համարկելու, զայն վերակառուցելու քուէարկութիւնը, Սէուտական Արաբիոյ մէջ մայիսին նախատեսուած արաբական յառաջիկայ վեհաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ»:

Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Սուրիոյ նախագահի եղբայր եւ սուրիական բանակի 4-րդ զօրամասի հրամանատար Մահեր Ասատ այցելած է սահման` ցուցմունքներ տալու հսկողութիւնը զօրացնելու համար` դադրեցնելու համար թմրեցուցիչներու Սուրիայէն դէպի Սէուտական Արաբիա անցքը:

Նշենք, որ Սուրիան ու Սէուտական Արաբիան հինգշաբթի, 23 մարտին համաձայնութիւն գոյացուցած էին 10 տարիէ ի վեր սառեցուած դիւանագիտական յարաբերութիւններէն ետք վերաբանալու իրենց դեսպանատուները: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ երկու ժողովուրդներուն համար պէտք եղած հիւպատոսական ծառայութիւններու մատուցումը դիւրացնելու բանակցութիւններ սկսած են:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երկուշաբթի, 27 Մարտին` Աթլաս-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.