Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 108.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը 90.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.973.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.020.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.852.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.300.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, արաբական հացին համար ճշդուած նոր սակերն են. միջակ կապ (823 կրամ) արաբական հաց` 40.000 լ. ոսկի եւ մեծ կապ (1025 կրամ) արաբական հաց` 48.000 լ. ոսկի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան նստիլը կ՛երաշխաւորէ ամերիկեան տոլարի սակին նուազեցումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 22 մարտ 2023-ին բանակի գաղտնի սպասարկութեան հասած են տեղեկութիւններ, թէ Խալտէի մէջ զէնքի ուժով առեւանգուած է քաղաքացի մը, որուն ազատ արձակման համար կը պահանջուի որոշ փրկագին մը: Գաղտնի սպասարկութիւնը իր տեղեկութիւններուն հիման վրայ կատարեց հետապնդումներ եւ Շուֆի Ալման գիւղաքաղաքին մէջ ազատեց այդ քաղաքացին` ձերբակալելով հինգ ուրիշներ, որոնց մօտ կը գտնուէին ատրճանակներ: Դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է, եւ ձերբակալեալ հինգ յանցագործները հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաթարի դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ յարաբերութիւնները: Պայսարիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով, որուն հետ քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ

Յաջորդը

Ամառնային Ժամանակացոյցի Դրութիւնը Յետաձգուած Է` Բացառաբար

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.