Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

March 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանը ամէն ինչ կ՛ընէ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը անկարելի դարձնելու համար: Արձագանգելով շաբաթ օր Թալիշի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտ խօսոյթով եւ գործելակերպով Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր նախայարձակումի նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ:

«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմներու գործարկումը, միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ գործողութիւններու եւ քաղաքականութեան հասցէական դատապարտումը: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛արտայայտէ իր վստահութիւնը խաղաղութեան օրակարգին` 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի յունուարի 11-ի, 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ի եռակողմ եւ 2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ի քառակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մասնաւորապէս կը նշէ, որ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայաթափուած շրջաններուն մէջ Ազրպէյճանը անթաքոյց կերպով կ՛իրականացնէ վերաբնակեցման ծրագիրներ` փորձելով վերացնել հայկական հետքը Լեռնային Ղարաբաղի` իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն:

«Ազրպէյճանի այդ գործողութիւնները ուղիղ կը հակասեն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտին, համաձայն որուն ներքին տեղահանուած անձերը եւ փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի վերահսկողութեան ներքեւ: Ապօրինի վերաբնակեցման քաղաքականութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ահաբեկելու գործելակերպով պաշտօնական Պաքուն ամէն ինչ կ՛ընէ եռակողմ յայտարարութեան վերը յիշատակուած դրոյթի կատարումը անկարելի դարձնելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Պայմանը` Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալն Է»

Յաջորդը

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.