Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

March 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցաւալի բայց իրաւ. լիբանանեան լուրերուն եւ իրադարձութիւններուն հետեւող իւրաքանչիւր քաղաքացի անմասն չի մնար նաեւ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին հետեւելէ, հետեւաբար ան քաջ գիտէ, որ ամէն կիրակի կէսօրէ ետք եւ շատ հաւանաբար նաեւ ուշ գիշերին, լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս պիտի արժեզրկուի:

Այդպէս ալ եղաւ. տոլարայնացած այս երկրին մէջ երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին սեւ շուկայի վրայ ամերիկեան դրամանիշին սակը հասաւ 115.000 լ. ոսկիի:

Այս կը նշանակէ յաւելեալ սղա ճ, տնտեսական ու ելեւմտական աւելի սուր տագնապ եւ այլ մարզերու հասնելիք նոր հարուածներ: Անշուշտ այս բոլորին կողքին լիբանանցիներու աւելի մեծ համեմատութեան մը աղքատացում:

Մինչ տագնապը կը շարունակուի, երկրին մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ սկսած գործադուլը կը շարունակուի, եւ կը նախատեսուի, որ անիկա հասնի նաեւ այլ մարզերու եւ աւելի լուրջ մակարդակներու:

Պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն կողքին, պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաները շաբաթավերջին յայտարարեցին, որ իրենց գործադուլը երկու շաբաթով եւս պիտի երկարաձգեն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին պաշտօնեաներուն տարբեր նահանգներուն մէջ նստացոյցեր կազմակերպելու:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին արձանագրուեցան շշուկներ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութեան մասին:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ Պըրրի Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէր մը չէ ստացած` աւելցնելով սակայն, որ ան տրամադիր է ընդունելու որեւէ հրաւէր, որովհետեւ կը ցանկայ շրջանային համաձայնութեան յանգիլ:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին աւարտեց Հռոմ կատարած իր այցելութիւնը, որուն մասին եզրափակիչ հարցազրոյցի մը ընդմէջէն յոյս յայտնեց մօտիկ ապագային ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը պէտք է ներքին բնոյթ ունենայ, առանց արտաքին ազդեցութիւններու:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

Յաջորդը

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Պայմանը` Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.