Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

March 17, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյց անուանի բժիշկ-սրտաբան, Նիւ Եորքի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ, բանաստեղծ ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ հետ` միասնական աշխարհաբար գրական հայերէնի քերականութեան ձեւաւորման եւ հայերէնի միասնական ուղղագրութեան կազմաւորման աշխատանքների վերաբերեալ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Այնթապլեան, հայագէտների խմբի մասնակցութեամբ ձեռնարկել էք մի գաղափարի իրագործում, երբ լեզուի երկու ճիւղերի միաւորում պէտք է լինի, որն, ըստ էութեան, լեզուի պահպանութեան գրաւական է հանդիսանալու: Ինչի՞ց էք սկսել:

ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Հայերէն աշխարհաբար երկու ճիւղերուն առաւելութիւնները միաբերել եւ մաքուր հայերէնով հաղորդակցիլ գրական հայերէնով` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առաւելութիւնները միաբերել յարմարցուած գրաբարին եւ կազմել աշխարհաբար գրական հայերէն:

Հ.- Ինչի՞ց էք սկսել աշխատանքները: Ըստ հերթականութեան, քայլերը որո՞նք են լինելու:

Յ. Ա.- Հայագէտները պիտի ուսումնասիրեն երկու աշխարհաբար գրական հայերէնի քերականութեան գիրքերը եւ զանոնք բաղդատեն` որպէս հիմք ընդունելով գրաբարը: Այն ճիւղը, որ աւելի մօտ է գրաբարին, ա՛ն պէտք է ընտրուի, իսկ երբ երկուքը միաժամանակ նոյն հեռաւորութիւնը ունին, ութ հայագէտները միասնաբար պիտի խորհրդակցին եւ ընտրեն արեւելահայերէնի մասը կամ արեւմտահայերէնի մասը: Հայագէտներու խումբը թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ սփիւռքէն են:

Հ.- Որքա՞ն ժամանակ է անհրաժեշտ այս գաղափարի իրագործման համար:

Յ. Ա.- Վեց ամիս, ամէնէն շատ` մէկ տարի: Մինչեւ տարեվերջ միասնական աշխարհաբար գրական  հայերէնի քերականութիւնը կը հրատարակուի:

Հ.- Ի՞նչ ենք շահելու արդիւնքում:

Յ. Ա.- Արդիւնքը այն է, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերուն միջեւ լեզուական խորթութիւնը, պառակտումը եւ երկփեղկումը կը վերանան: Այսինքն սփիւռքահայը, որ միասնական հայերէնով Հայաստան կու գայ, նոյն միասնական հայերէնով կը հաղորդակցի տեղացիներուն հետ: Այլեւս պիտի չըսէ` «Ես չեմ հասկնար»: Կամ Հայաստանի հայը պիտի չըսէ, որ այդ մէկը արեւմտահայերէն է, եւ ես «չեմ կարող կարդալ»: Ուղղագրութիւնը նոյնպէս պէտք է դառնայ միասնական` հիմնուած դասական ուղղագրութեան վրայ: Աբեղյանական ուղղագրութիւնը, որ սխալ խեղադրութիւն է, պէտք է վերանայ:

Հ.- Իսկ խնդիրներ չե՞ն առաջանայ արդէն եղած գրականութիւնը վերափոխելու գործում: Թէ՞ դա այդպէս կը մնայ, պարզապէս նոր ստեղծուողները կը փոխուին:

Յ. Ա.- Հարցը այն է, որ եղածը պէտք է մնայ, եւ կարիք չկայ վերծանելու: Նորը, որ կը սկսի, միասնական հիմք կ՛ունենայ:

Հ.- Եւ ամէն ինչ սկսուելու է մանկապարտէզից, դպրոցից:

Յ. Ա.- Այո՛: Այսինքն 15 տարի ետք Հայաստան եւ սփիւռք միասնական պիտի գրեն: Գրական հայերէն պիտի ունենան: Եթէ կան անձինք, որոնք կը նախընտրեն արեւմտահայերէն գրել` թող գրեն: Անոնք, որոնք արեւելահայերէն կ’ուզեն գրել, թող գրեն: Բայց ուղղագրութիւնը միասնական կ’ըլլայ: Այլեւս չի մնար աբեղեանական ուղղագրութիւն:

Հ.- Այնուամենայնիւ, այս գաղափարը ընդդիմութեան կ’արժանանայ:

Յ. Ա.- Ընդդիմութիւնը պէտք է տրամաբանօրէն արդարացնէ հակաճառութիւնը:

Հ.- Պէտք է ստեղծուեն դասագրքեր:

Յ. Ա.- Հայաստանը պէտք է պետականօրէն հաստատէ այդ միասնական հայերէնի քերականութեան գիրքը, որպէսզի դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի: Բաւական քարոզչութիւն պէտք է ընենք, որպէսզի հանրութիւնը քաջալերէ, ըսէ, որ ճիշդ քայլ առնուած է, ընդունի, որ նախորդը սխալ է, զայն դատապարտէ եւ սկսի աւելի ճիշդը գործածել:

Հ.- Իսկ բանաւոր խօսքի եւ գրաւոր խօսքի միջեւ հակասութիւն չի՞ առաջանայ:

Յ. Ա.- Ո՛չ, բանաւորը նոյնը կը մնայ` թէ՛ արեւելահայերէնի եւ թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ: Մենք կը խօսինք գրական հայերէնի վերաբերեալ, ինչպէս` արաբական երկրները, որոնք ունին իրենց բանաւոր արաբերէնը, որ սակայն տարբեր է մէկ երկրէն միւսին մէջ: Գրականը նոյնն է: Մենք կը վերադառնանք եւ կը վերահաստատենք հիմքը` դասական ուղղագրութիւնը: Արեւմտահայերէնը հիմնականօրէն ներկայիս կը կիրարկէ դասական ուղղագրութիւնը, իսկ արեւելահայերէնը` աբեղեանականը, որ պէտք է վերացուի:

Հ.- Ո՞րն է այս փուլում նախարարութեան, պետութեան դերակատարութիւնը:

Յ. Ա.- Ժաննա Անդրէասեանը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթին եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար էր, երբ դիմեցինք իրեն: Ան ըսաւ, որ այս հարցով պէտք է դիմենք Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանին: Վերջինիս 2-3 շաբաթ առաջ գրաւոր դիմած ենք, սակայն մինչեւ հիմա պատասխան չենք ստացած: Հիմնական նպատակը պէտք է հիմնուի լեզուական միասնութեան վրայ: Ներկայիս այդ միասնութիւնը դժբախտաբար չունինք: Հիմնական նպատակը ազգային միասնութիւնն է` հիմնուած միասնական հայերէնի վրայ:

Զրուցեց ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Նախորդը

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակեպութեամբ. Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -3-

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.