Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակեպութեամբ. Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

March 17, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, կիրակի, 12 մարտ 2023-ի երեկոյեան Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական երգերու երեկոյ` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներ` Գէորգ Քէշիշեանի (փողային գործիքներ), Մարիա Քէշիշեանի (քանոն), Արէն Տօնէրեանի (դաշնամուր), Նարեկ Քէշիշեանի (հարուածային գործիքներ), Ալին Շալվարճեանի (ուտ եւ սոփրանօ), Կարէն Գազանճ?եանի (թենոր), Կասիա Շատարեւեանի (ալթօ) եւ Կարէն Քէլէշեանի (թենոր):

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, շրջանի քաղաքապետական եւ թաղապետական խորհուրդներու մաս կազմող հայ ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Անթիլիաս-Մըզհերի ժողովուրդը` իր տարբեր տարիքային շերտերով:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի «Մշակ, բանուոր» քայլերգներէն ետք, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ մեր մշակոյթի կարեւորութեան եւ անոր ունեցած դերակատարութեան` մեր ժողովուրդին զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարի բոլոր փուլերուն: Ան աւելցուց, որ այս երգերու ճամբով մեր պատմութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ դարձած հիմնական գործօն` սերունդներու կազմաւորման ու դաստիարակութեան:

Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որով ներկայացուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան գործունէութիւնը` յատկապէս հիմնական առանցք ունենալով ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը:

Արուեստագէտները մեկնաբանեցին հայրենասիրական, ժողովրդական,  ազգագրական-ազգային եւ աշուղական զանազան սիրուած երգեր:

Մարզադաշտ-սրահը լեցուցած շրջանէն բազմահարիւր հայեր մեծ խանդավառութեամբ մասնակից դառնալով երգեցողութեան` ունեցան հայ երգի եզակի վայելքը ու խանդավառ տպաւորութիւններով վերադարձան տուն:

 

 

Նախորդը

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Յաջորդը

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.