Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Յոյսով Ենք, Որ Իրանեան-Սէուտական Մերձեցումը Կը Յանգի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան` Նախքան Յունիսը»

March 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քուէյթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ահմետ Նաուաֆ Ահմետ Սապահի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սալեմ Ապտալլա Ժապեր Սապահի:

Ժոմպլաթի ընկերակցեցան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Քուէյթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց յայտնեց, թէ շրջանին մէջ կ՛ապրինք հսկայ երկրաշարժի մը ցնցումներով: Ան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի հմտութիւնը սէուտական-իրանեան համաձայնութիւն գոյացնելու եւ արաբ ու իրանցի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններուն նոր հորիզոններ շնորհելու առումով:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ այլեւս պէտք է վերջ տալ պատերազմներուն, յատկապէս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորին համար պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ոչ ոք կրնայ ջնջել միւսը` ընդգծելով բոլորին միջեւ երկխօսութիւն մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժոմպլաթ նշեց, որ Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու գործադրութեան, որպէսզի կարենայ օգտուիլ շրջանային մակարդակի վրայ գոյացած իրանեան-սէուտական համաձայնութենէն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ նախագահը պէտք չէ ըլլայ այս կամ այն քաղաքական կողմին համար ընդվզեցուցիչ դէմք մը: Կը փափաքինք ունենալ համախոհական նախագահ մը, որ բարեկարգումները կը կատարէ: «Պէտք է վերջ տալ մարտահրաւէրներու եւ ճնշումներու ենթակայ դառնալուն», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական մերձեցումը յանգի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան` նախքան յունիսը:

Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անոր մասին հետաքննութիւնը դադրեցաւ ներքին լիբանանեան տարակարծութիւններու պատճառով` աւելցնելով, որ կան երկիրներ, որոնք չեն փափաքիր ճշմարտութեան բացայայտումը: Ան հարց տուաւ, թէ նաւահանգիստի պայթումին պատճառը փոքր հրդե՞հ մըն էր, թէ՞ հրթիռային թիրախաւորում մը: «Այս իրականութեան մէջ կը կայանայ հանելուկը», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ եթէ անիկա իսրայէլեան հարուած մըն էր, ապա հետաքննութիւնը պիտի արգիլուի:

Նախորդը

«Իրանի Մէջ Սէուտական Ներդրումները Շատ Արագ Կրնան Տեղի Ունենալ» Կ՛ըսէ Սէուտական Արաբիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը

Յաջորդը

«Եու. Էս. Թեսք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն»-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.