Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք Եւ Երախտագիտութիւն Ս. Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Դաստիարակներուն

March 16, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի Շրջանաւարտից յանձնախումբը Ուսուցչաց տօնին առիթով իւրայատուկ գաղափարը յղացաւ` այցելելու քոլեճին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող հանգստեան կոչուած ուսուցչուհիներուն, որոնք տարիներ շարունակ գործած ու դաստիարակած են վարժարանին մէջ: Ուսուցչուհիներ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են սերունդներ դաստիարակելու, հայեցի շունչ փոխանցելու եւ Հայ մարդը, գլխագիր մարդը կերտելու: Անոնց տարիներու նուիրումին շնորհիւ հազարաւոր աշակերտներ թրծուած են հայ դպրոցի հարազատ երդիքին տակ, ապա մեկնած զանազան երկիրներ`, նոյն շունչը փոխանցելու իրենց շրջապատին ու ապագայ ընտանիքներուն: Ուսուցչուհիները յուզումով դիմաւորեցին իրենց նախկին աշակերտները, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ընտանիքներ կազմած հայրեր ու մայրեր են: Անոնք վերյիշեցին Ս. Նշան վարժարանի եւ Ս. Խանամիրեան քոլեճի մէջ անցուցած իրենց երկարամեայ տարիները, աշակերտներուն չարաճճիութիւններն ու իւրայատկութիւնները: Մոռցուած չըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը ակներեւ էր բոլորին ժպիտներուն մէջ:

Շրջանաւարտից յանձնախումբը այցելեց նաեւ քոլեճի երկարամեայ տնօրէն, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, շնորհակալութիւն յայտնելու ու շնորհաւորելու զինք Ուսուցչաց տօնին առիթով: Արդարեւ,  նոյնիսկ պարագաներու բերումով տնօրէնութենէն դադրելէն ետք, ան կը մնայ հազարաւոր աշակերտներուն սիրելի «պրն. տնօրէն»-ը, որուն ներկայութիւնը ո՛չ միայն կարգապահութիւն կը թելադրէ ու յարգանք կը ներշնչէ, այլ նաեւ եղբայրական հոգածութիւն կը փոխանցէր բոլոր աշակերտներուն անխտիր: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեց իր նախկին աշակերտները, որոնցմէ ոմանք իր աշակերտները եղած են մանկապարտէզի տարիներէն մինչեւ երկրորդական ուսման աւարտը: Ան շեշտեց, թէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւն վստահաբար իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ բոլոր նախկին դաստիարակներուն վրայ, որոնք իրենց ամէնօրեայ առանձնութեան մէջ տակաւին կ՛ապրին ու կը շնչեն Ս. Խանամիրեան քոլեճի իրենց մեծ ընտանիքին յիշատակներով:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ձիւնագնացութիւն

Յաջորդը

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.