«Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի նախագիծը պաշտօնապէս ետ վերցուած է: Օրէնքի նախագիծը Վրաստանի խորհրդարանին մէջ երկրորդ ընթերցումով չէ որդեգրուած:
Մէկ օր առաջ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը որոշած էր ետ վերցնել «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի նախագիծը:
Վրաստանի կանոնակարգին համաձայն, օրէնքի նախագիծի պաշտօնապէս յետս կոչուելուն համար անհրաժեշտ էր լիագումար նիստի մէջ ներկայացնել առաջին ընթերցմամբ որդեգրուած նախագիծը եւ երկրորդ ընթերցումով չընդունիլ զայն:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ օրինագիծին, որ առաջին ընթերցումով քուէարկութեան չդրուեցաւ, ինչպէս գրասենեակի նիստի ընթացքին ըսած էր Շալվա Փափուաշվիլին, նախաձեռնողները արդէն զայն շրջանառութենէ վերցուցած են:


