Իրանեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերականգնել իրենց յարաբերութիւնները եւ երկու ամսուան ընթացքին երկու երկիրներուն մէջ իրենց դեսպանատուները վերաբանալ: Նոյն լուրը հաղորդեց նաեւ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Իրանեան լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենան:


