Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատասխանատուն` Մոհամետ Իմատ յայտնեց, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը 26 մարտին բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ռուսիոյ ազգային խումբին դէմ` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Իմատ ըսաւ, որ «մենք բաւական առաջ կը փափաքէինք մրցում մը կատարել Ռուսիոյ դէմ, հետեւաբար անոր հողերուն վրայ մրցում կատարելու գծով ոչ մէկ խնդիր կը տեսնենք»:
Նշենք, որ Վալերի Քարփինի գլխաւորած կազմը` Ռուսիա, 23 մարտին Թեհրանի մէջ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ` Իրանի դէմ:


