Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Քննարկեցինք Ծոցի շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք երկրաշարժէն ետք Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցաբար Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օժանդակութեան ջանքերու ամրապնդումը»:
Ան նշեց, որ երկու երկիրները համամիտ են, որ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուին` աւելցնելով, որ քննարկուած է Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալու հարցը:
«Կարիքը կայ վերցնելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները», ըսաւ Լաւրով:
«Սէուտական Արաբիոյ հետ Իրաքի, Լիբանանի եւ այլ հարցերու շուրջ երկխօսութիւն կը կատարենք», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
«Մենք կը զօրակցինք Պաղեստինեան դատի լուծման եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալու ջանքերուն», շեշտեց ան:
Ռուսիան եւ Սէուտական Արաբիան համաձայնեցան շարունակել «ՕՓԵՔ+» կազմակերպութեան ծիրին մէջ համակարգումը` ընդգծելով. «Ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռուս-սէուտական համագործակցութիւնը որեւէ բանէ չազդուեցաւ, եւ յանձնառու ենք «ՕՓԵՔ+»-ի ծիրին մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ երկու երկիրները Ուքրանիոյ հարցով կապի մէջ են` նշելով, որ զինուորական յատուկ գործողութեան մէջ գերիներու փոխանակում տեղի ունեցաւ: «Շնորհակալ ենք Սէուտական Արաբիոյ` Ուքրանիոյ շուրջ խաղաղութեան բանակցութիւններու ճամբու հարթման իր ջանքերուն համար», ըսաւ Լաւրով:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետ պըն Ֆարհան իր կարգին յայտնեց. «Կը զօրակցինք ուքրանական տագնապը խաղաղօրէն լուծելու միջազգային ջանքերուն եւ պատրաստ ենք միջնորդութեան: Կը շարունակենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու եւ պատերազմը դադրեցնելու առիթներու որոնումը»:
«Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է աջակցելու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զօրակցութեան ու բոլոր ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք Պաղեստինեան դատին նկատմամբ ռուսական կեցուածքը», ըսաւ Ֆայսալ պըն Ֆարհան:
«Ուժանիւթի գիներուն եւ միջազգային շուկաներու մէջ հաւասարակշռութեան հաստատման շուրջ Ռուսիոյ հետ համակարգում կը կատարենք», նշեց ան:
«Աշխատանք կը տանինք լուծելու եմէնեան թղթածրարը` սկսելով զինադադարէն եւ հասնելով ներեմէնեան բանակցութիւններու կայացման», ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը:


