Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր տոմսը` կրկնելով իր յաղթանակը Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն գծով, այս անգամ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ (երթ 1-0):
Դարձի այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, իր 75 հազար համակիրներուն ներկայութեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով (մանաւանդ Բ. կիսախաղին), միւնիխեան կազմը նշանակեց երկու անպատասխան կոլ, շնորհիւ քամերունցի յառաջապահ Էրիք Շուփօ-Մոթինկի (61-րդ) եւ գերմանացի յառաջապահ Սերժ Կնապրիի (89-րդ):
Նշենք, որ Լիոնել Մեսսի եւ Քիլիան Էմպափէ գրեթէ ոչինչ յաջողեցան կատարել:
Իր կարգին, Իտալիոյ ախոյեան Ա. Սէ. Միլան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, հակառակ անոր որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անգլիական Թոթենհամի հետ, 62 հազար համակիրներու ներկայութեան:
Միլանեան կազմը երթին Լոնտոնի մէջ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ անգլիական Չելսի եւ փորթուգալեան Պենֆիքա խումբերը իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ հանդիսացան առաջին երկու խումբերը, որոնք ապահովեցին քառորդ աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Հակառակ անոր որ Չելսի երթի մրցումին Գերմանիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պորուսիա Տորթմունտէն, սակայն դարձի մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Անգլիական կազմին կոլերը նշանակեցին Ռահիմ Սթերլինկ (43-րդ) եւ Քայ Հաւերց (53-րդ` փենալթիով):
Իսկ Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Պենֆիքա 5-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆ. Ք. Պրիւժին:
Նշենք, որ երթին Պենֆիքա Պելճիքայի մէջ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:


