Անգլիացի մասնագէտ Սքոթ Փարքըր հեռացուեցաւ պելճիքական Ֆ. Ք. Պրիւժի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանը Սքոթ Փարքըրը հեռացուց խումբին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն դուրս մնալէն օր մը ետք:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի 42 տարեկան նախկին ֆութպոլիստ Փարքըր նախորդ տարի գլխաւորած էր Ֆ. Ք. Պրիւժը` փոխարինելով Քարլ Հոյեֆքենսը:
Ներկայիս, Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ֆ. Ք. Պրիւժ 46 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` 21 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Կենքէն:


