Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամառ հեռանայ արքայական ակումբէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Կողմերը չկրցան համաձայնութեան գալ նոր պայմանագիրի երկարաձգման գծով, մինչ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Մէկ տարի ետք, ֆութպոլիստը անվճար չկորսնցնելու համար, մայրաքաղաքի կազմը յարմար առիթը ունենալու պարագային անմիջապէս պիտի ծախէ զայն:
Կը նշուի, որ ֆութպոլիստով ներկայիս հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Պայէրն Միւնիխ:


