«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, Տենվըր Նակեթց եւ Միլուոքի Պաքս արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց 46-րդ յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Թորոնթօ Ռեփթըրզը (118-113) եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը (117-111):
Անոնք երկուքը այժմ յաջորդաբար կը գրաւեն արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու պարագլուխի դիրքերը:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, երկարաձգումէն ետք անոր դէմ արձանագրեց 118-114 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Տոնովան Միչել տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (40 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):


