Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Տինամօ Պէյրութի դէմ, անկէ կրեց 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ-ի համար այս պարտութիւնը հանդիսացաւ տարեշրջանի երրորդը, երկու յաղթանակի եւ հաւասարութեան մը կողքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Տինամօ այժմ 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: ՀՄԸՄ 7 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:


