Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կատարած ապահովական տեսակարար գործողութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ նոյն բաժանմունքը յաջողած է կասեցնել Լիբանանէն ափրիկեան երկիրներ 160.000 «Քեփթակոն» դեղահատ մաքսանենգելու գործողութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաջողած է ձերբակալել այդ գործողութեան մեղսակիցներէն մէկը:
«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հետեւած էր մաքսանենգումը ծրագրած ցանցին մէկ անդամին` Ն. Զ. (սուրիացի, ծնեալ` 2002-ին). ան մեքենայի մը մէջ պահուած «Քեփթակոն» դեղահատերը Պեքաայէն պիտի փոխադրէր Պէյրութ, եւ հսկողութեան շնորհիւ բաժանմունքը կրցած էր ձերբակալել զայն եւ գրաւել անոր փոխադրած թմրանիւթը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրահանգեց ճշդել մնացեալ յանցագործները եւ զանոնք եւս ձերբակալել:


