Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Փաստերը Կը Վկայեն, Որ Յարձակումը Ազրպէյճանի Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Կողմէ Հրահանգաւորուած Սադրանք Է»

March 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փաստերը կը վկայեն, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ներթափանցումի յարձակումը նախապէս ծրագրաւորուած եւ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հրահանգաւորուած սադրանք է», կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւանը:

«Ազրպէյճանական ներթափանցող խումբի գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, կարելի չէ որակել», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճանի յառաջ քաշած պաշտօնական «վարկածը անհեթեթ է. անոնք չեն ներկայացուցած եւ չեն կրնար ներկայացնել այդ վարկածը ապացուցող ոչ մէկ փաստ ու հիմնաւորում», շեշտած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` յիշեցնելով, որ ասիկա տեղի կ՛ունենայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն կայացուցած որոշումից երկու շաբաթ չանցած, որով հերքուեցան Ազրպէյճանի պնդումները Հայաստանի կողմէ ականներու ենթադրեալ տեղադրումներուն վերաբերեալ:

Բացի ատկէ, պաշտօնական Երեւանը նշած է, որ Արցախի ոստիկանութեան ձեռքի տակ առկայ տեսանիւթը կ՛ապացուցէ, որ ազրպէյճանական ներթափանցող խումբը յարձակած է «ՈՒԱԶ» մակնիշի մինիպասի վրայ, որուն մէջ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի ներքին գործոց նախարարութեան չորս աշխատակիցներ, որոնք ծառայողական նպատակներով Ստեփանակերտէն կ՛ուղղուէին Արցախի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղեր:

«Ընդ որում, տեսանիւթերը կը հիմնաւորեն, որ «ՈՒԱԶ»-ի մէջ բացի ծառայողական փաստաթուղթերէ եւ ոստիկանական զէնքէ այլ բան չէ եղած», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ վերջին շրջանին ազրպէյճանական կողմը նաեւ կրահերթեր բացած է Արցախի գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող բնակիչներու ուղղութեամբ:

«Սա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու ու անոնց մէջ միջազգային ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան, մեր շրջանին մէջ իրական խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` խստօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանական կողմի ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սադրելու հերթական դրսեւորումը եւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու Ազրպէյճանի կողմէ իր իսկ միջազգային պարտաւորութիւններու հետագայ խախտումները բացառելու ուղղութեամբ:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն», յայտարարած է արտաքին գործերու նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Թոյվօ Քլաար Այսօր Պիտի Այցելէ Պաքու

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերու Ներթափանցող Խումբի Յարձակման Հետեւանքով Զոհուած Է Արցախցի 3 Ոստիկան, Իսկ Մէկ Ոստիկան Վիրաւորուած Է

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.