ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.400 լ. ոսկի է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին յայտնեց, որ հայրենիքը տագնապներէն դուրս բերելու միակ լուծումը նախագահական ընտրութիւնն է: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ անկախ է ամէն տեսակի արտաքին ճնշումներէ, հակամէտ չէ այս կամ այն առանցքին եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արդարութեան միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ պըն Մոհամետ պըն Սալեհ Սամաանիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական գործակցութեան ամրապնդումը` արդարադատութեան մարզին մէջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ Վիրաւորի օրուան առիթով:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ վարագոյրները բացուած են, եւ կարելի է արդէն յստակ կերպով տեսնել քուլիսներու ետին կատարուածը: Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը մղէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական ընտրապայքարը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ հասարակ յայտարարներու հասնիլ եւ վերջ տալ նախագահական դատարկութեան փուլին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան այլեւս նախագահական դատարկութեան փուլը չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ այդ պատճառով է, որ խորհրդարանի նախագահը յաճախ երկխօսութեան կը հրաւիրէ քաղաքական բոլոր ուժերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր մտահոգութիւն յայտնեց բեմագրութենէ մը, որ դրամատուները կը մղէ յայտարարելու իրենց սնանկացումը եւ զանոնք պատասխանատու նկատելու ելեւմտական մարզի դիմագրաւած ներկայ տագնապին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող պատկերը քիչ-քիչ կ՛ամբողջանայ, որպէսզի Լիբանան խենթանոցի վերածուի: Հաժ հաստատեց, որ մաքսային տոլարը 45.000 լ. ոսկիի վերածելը կտրականապէս մերժելի է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Քերիմ Քապպարա յայտնեց, որ ժողովուրդին հոգերը կը գտնուին տեղ մը, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ տարակարծութիւնները` այլ տեղ:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը մերժողը երկիրը արտաքին ճնշումներու պատանդ կը դարձնէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական հարցերը կարելի չէ լուծել տնտեսական բարեկարգչական ամբողջական թղթածրարէն անկախ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ կարելի չէ տոլարայնացումը դրական կամ ժխտական նկատել, որովհետեւ անիկա իրականութիւն դարձած է:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ դիտել տուաւ, որ Լիբանան կը գտնուի վարչակարգի փոփոխութեան սեմին` աւելցնելով, որ իշխող ներկայ վարչակազմը տակաւին կը յամառի եւ նոյն ընթացքով պիտի շարունակէ, մինչեւ ամբողջական տապալումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի համար հանրապետութեան իսկական նախագահ մը ապահովելը երկար ժամանակի կը կարօտի: Ան աւելցուց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յանձնառու է քաղաքական որոշ ուղեգիծի մը, եւ այդ իմաստով բոլոր տուեալները առկայ են: Ժահժահ նշեց, որ ինք Ֆրենժիէի ընտրութիւնը կը մերժէ, որովհետեւ եթէ ան հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա երկիրը պիտի կառավարէ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն ուժին վստահելով:


