Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները կարճ դադարէ մը ետք վերսկսան, երբ շաբաթ, 4 մարտին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Մարիսթ 17-րդ հանգրուանի բացման մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Այդ կարճ դադարին ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին մէջ կատարուեցան կարգ մը հիմնական փոփոխութիւններ:
Նախ խումբի մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ լիբանանցի փորձառու մարզիչ Մարուան Խալիլի, մինչ խումբին երկու նորեկ օտարականները հանդիսացան ամերիկացիներ Մարք Լայընզ եւ Տաժուան Սամըրզ:
Առաջին փորձաքարը հանդիսացաւ յաջող, եւ մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն եւ անոնց ընկերակցող ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ներկայութեան, ՀՄԸՄ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, արձանագրեց 84-74 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-20, 19-19, 24-14 եւ 19-21):
Իրենց կատարած առաջին այս մրցումին, արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերը, տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան Լայընզ (22 կէտ եւ 16 էսիսթ) եւ Սամըրզ (31 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), մինչ Թանիոս Աքիքի նշանակեց 14 կէտ:
Իսկ Մարիսթէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Մարք Ապի Խըրըս (20 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Մարիսթ իր այս մրցումը կատարեց առանց օտարականներու:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 4-րդ յաղթանակը` 13 պարտութեան կողքին, մինչ 7 յաղթանակ արձանագրած Մարիսթ կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը:


