Աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերուն անունները:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 25 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր, Ճափոնի, Ինտոնեզիոյ եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ:
Առաջին անգամ ըլլալով մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վրաստան:
32 երկիրներու ազգային խումբերէն 12-ը կը ներկայացնեն Եւրոպան, 8-ը` Ասիան, 7-ը` Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկան, իսկ 5-ը` Ափրիկէն:
Ստորեւ` մասնակցող երկիրներուն ցանկը.
Եւրոպա. Յունաստան, Լաթվիա, Ֆինլանտա, Գերմանիա, Սլովենիա, Լիթուանիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա, Վրաստան, Մոնթենեկրօ եւ Սերպիա:
Ասիա. Աւստրալիա, Չինաստան, Ճափոն, Իրան, Լիբանան, Նոր Զելանտա, Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Յորդանան:
Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա. Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Տոմինիքեան հանրապետութիւն, Փորթօ Ռիքօ, Պրազիլ, Վենեզուելա եւ Մեքսիքա:
Ափրիկէ. Փղոսկրեայ Ափունք, Անկոլա, Սուտան, Եգիպտոս եւ Քապօ Վերտէ:


