Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -1-

March 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան փուլին պէտք է նկատի ունենալ Լիբանանի իրավիճակը` գաղթականութիւն, որբեր, թշուառութիւն, առաջին քայլերը առած կրթական դժուարութիւններ… Այդ օրերուն ու պայմաններուն մէջ մարտ 1923-ին խումբ մը երիտասարդներ մտածեցին եւ հիմնեցին Լիբանանի պատանեկան միութիւնները:

100 տարի ետք կրնանք հաստատել, որ եթէ գոյութիւն չունենար պատանեկան միութիւն հիմնելու գաղափարը, այսօր որքան հսկայական բաց մը ստեղծուած պիտի ըլլար ոչ միայն Լիբանանի հայութեան, այլ համայն հայութեան կեանքին մէջ:

Հազարաւոր պատանիներ պատանեկան միութիւններէն անցած են անցնող 100 տարիներու ընթացքին: Տղաք եւ աղջիկներ անցած են այս կառոյցէն եւ զանազան մակարդակներու վրայ ստանձնած են պատասխանատու դիրքեր-պաշտօններ` ուսուցիչ, խմբագիր, գործավար, միութենական, կուսակցական ու քաղաքական պատասխանատուութիւններ… Եւ հիմա լաւապէս կը հասկնանք, թէ որքա՛ն մեծ բարիք եղած են այս պատանեկան միութիւնները մեր ժողովուրդին համար:

Այո՛, պատանեկան միութիւնները, մեր ընտանիքներուն եւ կրթական հիմնարկներուն կողքին, վերածուած են այն միջավայրին, ուր ջամբուած են` հայրենի դաստիարակութիւն, հայրենիքի հանդէպ սէր, եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատք, մեր քաղաքակրթական, մշակութային, ընկերային ու ընտանեկան արժէքներուն հանդէպ պաշտամունք:

Պատանեկան միութիւնները եղած են եւ տակաւին կը մնան ա՛յն հիմքը, ուր, հայ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու կողքին, կարելի եղաւ հայ մարդը կերտել, զօրացնել, ամրացնել եւ առաջնորդել դէպի մեր ժողովուրդի ծառայութեան աշխատանքին:

Ճիշդ է, որ միութիւնները դաշնակցական պատանիներ կը կազմաւորեն, սակայն բոլորին առաքելութիւնն է Դաշնակցութեան ճամբով ծառայել հայութեան եւ Հայաստանին: Պատանիներ, որոնք վաղը պիտի դառնան դաշնակցական մարդ-ընկեր, եւ տարբեր ձեւերով` ժողովական մասնակցութենէն մինչեւ ազգային կեանքի մասնակցութիւն եւ նոյնիսկ գերագոյն զոհողութիւն, պիտի նուիրուին հայրենիքի եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:

Հայ ժողովուրդի տագնապալի այս փուլին հսկայական հարստութիւն են պատանեկան միութիւնները: Մենք պէտք է փառք տանք եւ շնորհակալ ըլլանք հիմնադիր սերունդին ու բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներու ընթացքին շարունակեցին աշխատիլ, ամրացնել ու տարածել միութիւններու ցանցը եւ հասցնել մեր այսօրուան իրականութեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Միացում. Ուրկէ՞ Սկսիլ Վերականգնումը

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.