Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տնտեսական Շրջափակման Վերացման Հրամայական

March 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը ազդեց առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին ու աշխատուժին վրայ:

Շրջափակման պատճառով առողջապահութեան, տնտեսութեան ոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի գործարարներուն հասած ուղղակի հարուածը, սննդամթերքի եւ այլ արտադրութիւններու արտածման ու ներածման առումով եղած սահմանափակումները վնաս հասցուցին առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին:

Պատերազմի պատճառով արդէն իսկ բազում դժուարութիւններ ապրած, քարիւղի երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանի ուժերուն վերահսկողութեան տակ եղած ըլլալուն բերումով վառելանիւթի տագնապ դիմագրաւած ժողովուրդը կենցաղային վատ պայմաններու մէջ ապրեցաւ յատկապէս վերջին երեք տարիներուն:

Վրայ հասաւ աղէտալի երկրաշարժը:

Անկասկած երկրաշարժի զոհերուն թիւը շատ աւելի նուազ պիտի ըլլար, եթէ չըլլար տնտեսական շրջափակումն, ու փրկարարական տարբեր կողմեր շուտ հասնէին Սուրիա:

Երկրաշարժի առաջին օրերէն Միացեալ Նահանգներուն եւ արեւմտեան աշխարհին ուղղուած տարբեր կոչերը մասամբ արդիւնաւորուեցան, եւ ԱՄՆ որոշ պատժական սահմանումներ չեղեալ համարեց, սակայն` ոչ բոլորը:

Մարդասիրական մղումներէ եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքներէ մեկնելով` հարկ էր վերջ տալ պատիժներուն ամբողջապէս, առիթ տալու Սուրիոյ աղէտահար ժողովուրդին օգտուելու օգնութիւններ ստանալու իր առաւելագոյն իրաւունքներէն ու գէթ երկրաշարժի այս տագնապը յաղթահարելու:

Սակայն տակաւին առկայ են շատ մը կաշկանդումներ, որոնք կը խոչընդոտեն ժողովուրդին փրկութեան ու բարեկեցութեան համար հասանելի օժանդակութիւնները:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  երկրաշարժին առիթով Հալէպ այցելութեան առաջին իսկ ժամերուն մամլոյ ներկայացուցիչներուն ներկայութեան իր ձայնը միացուց Սուրիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին եւ կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին` վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն:

Այլ տեղ մը շրջափակման ենթակայ է նաեւ Արցախի ժողովուրդը: Ան եւս պատերազմէն հազիւ դուրս եկած, կ’ենթարկուի տնտեսական, առողջապահական ու մարդկային տագնապալի կացութեան` Ազրպէյճանի պարտադրած շրջափակման պատճառով:

Շրջափակումները անմարդկային դրսեւորումներ են, որոնց դէմ պէտք է ձայն բարձրացնել ամէնուրեք, որպէսզի մարդկային ու մարդասիրական մօտեցումները չանհետանան քաղաքական փապուղիներու մէջ, եւ մարդկայնութիւնը վեր մնայ քաղաքական սրումներէ:

 

Նախորդը

Պատմական Յիշողութեան Անժամանցելիութիւնը Եւ Մեր Պայքարը*

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Կատարուեցաւ 21-րդ Դարուն Ամէնէն Արդիւնաւէտ Մրցումը

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.