Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, շուրջ 65 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Մատրիտեան այս տերպիի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Հիւր կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Խոսէ Խիմենեսի (78-րդ):
Սակայն 85-րդ վայրկեանին, Ալվարօ Ռոտրիկես նշանակեց Ռէալ Մատրիտի հաւասարութեան կոլը (85-րդ):
Նշենք, որ մրցումին 64-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի արժանթինցի յառաջապահ Անխել Քորիա կեդրոնի իրաւարար Խեսուս Ժիլէն կարմիր քարտ մը ստացաւ:


