Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 5 մարզիկով:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Հայրենի մարզիկները այս մրցաշարքին պատրաստուեցան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած մարզական հաւաքով:
Նշենք, որ աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը վարկանշային է յառաջիկայ աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան համար:


