Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն ժերմենի արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը կը բանակցի Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Շատ հաւանական է, որ Մեսսի յառաջիկայ ամառ վերադառնայ Պարսելոնա, որովհետեւ ան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի քաթալոնական խումբի մարզիչ Չաւիի հետ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Լիոնել Մեսսիի հայրը` Խորխէ, այդքան ալ յաջող բանակցութիւններ չէ ունեցած փարիզեան ակումբի ղեկավարութեան հետ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին:


