Կացութիւնը որքան ալ լարուած ըլլայ, այդ պատրուակով բանակցային հոլովոյթի սառեցումը հակաարդիւնաւէտ է: Այս մասին 22 փետրուարին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ռուս պաշտօնատարը հաւաստած է, որ ռուսական կողմը պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերել կողմերուն:
«Ռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի յաջորդ հանդիպումները, ինչպէս նաեւ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլերը կազմակերպելու համար», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


