Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ իր նոր գրասենեակի հաստատումը Հայաստանի Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ:
Կիրակի, 19 փետրուար 2023-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակին: Նոյն օրը, Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, կատարուեցաւ բանաստեղծին նուիրուած Համազգայինի գրասենեակի հրատարակութիւն` «Վահագն Դաւթեան. 100 բանաստեղծութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը: Անմիջապէս ետք, Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակին մէջ նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, եւ ներկաներուն նուիրուեցան Համազգայինի հրատարակութիւններէն գիրքերու օրինակներ:
Այսուհետեւ Համազգայինը մաս պիտի կազմէ Գիւմրիի հարուստ մշակութային կեանքին` զայն յաւելեալ ծաղկեցնելով ու աշխուժացնելով: Իր ծաւալած գործունէութեամբ, Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակը իր ուրոյն դերը պիտի ունենայ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտին մէջ եւ պիտի աշխատի ի նպաստ հայ մշակոյթի ստեղծման, տարածման եւ զարգացման: Աշխատանքը պիտի ընթանայ գրասենեակի նոր նշանակուած պատասխանատու Արա Նախշքարեանի հսկողութեամբ:
Ինչպէս Համազգայինի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի գրասենեակները, այնպէս ալ Գիւմրիի այս գրասենեակը կամուրջ պիտի հանդիսանայ սփիւռքի եւ հայրենիքի արուեստի զանազան խումբերու եւ կրթական հաստատութիւններու միջեւ:
Յաջողութիւն, կանաչ ճանապարհ ու բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակի աշխատանքներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 19 փետրուար 2023


