Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ. 35 Տարի Ետք Ո՜ւր Հասանք

February 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեկնարկ

Եթէ մեր յիշողութեան անիւը դէպի ետ դարձնենք (դարձնողին տարիքը կարեւոր չէ), պիտի տեսնենք, որ 35 տարի առաջ, այս օրերուն, հայութիւնը հազուադէպ եռեւեփումի մէջ էր:

Խորհրդային Միութիւն կոչուած կարմիր կայսրութիւնը կը մօտենար իր վերջալոյսին: 80-ականներու կէսերուն Մոսկուայի ղեկին հասած Միխայիլ Գորբաչովի անուան կապուած երկու հասկացողութիւններ` հրապարակայնութիւն եւ թափանցիկութիւն (փերեսթրոյքա եւ կլասնոսթ), ստեղծած էին բազմաշերտ եւ բազմայարկ ալիքներ, որոնց վրայ կը նաւարկէին մէկ կողմէ Արեւելք-Արեւմուտք մեղմացումի նաւերը, իսկ միւս կողմէ խորհրդային ազդեցութենէ եւ տիրակալութենէ դուրս գալու ձգտում փայփայող երկիրները:

Պատմութիւնը ծանօթ է: Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ 1988-ի փետրուարին սկիզբ առաւ արցախեան շարժումը, որ նորագոյն էջ մը բացաւ պատմական Հայաստանի մէկ անբաժանելի մասը եղող այդ շրջանին անկախական, ազատագրական եւ մայր Հայաստանին վերամիանալու երթին մէջ (Արցախը ծանօթ էր Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ անունով):

Փետրուար 1988-ը ընդունուած է իբրեւ արցախեան շարժումի մեկնարկի տարի: Խորքին մէջ Արցախի անկախական` սեփական ճակատագիրին տէրը ըլլալու եւ օտարի տիրապետութենէն ու ազդեցութենէն ձերբազատելու շարժումը նորութիւն չէր հայկական այդ երկրամասին մէջ: Եթէ քիչ մըն ալ պրպտենք մեր յիշողութիւնը, կը հասնինք մինչեւ Իսրայէլ Օրիի, Դաւիթ Բեկի եւ ժառանգորդներուն օրերը, երբ Արցախը եղած էր նոյնինքն Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրական շարժումին օրրանը: Այսուամենայնիւ, 1988-ի շարժումին դրդապատճառները, առանց խզուած ըլլալու յիշեալ արմատէն, չծագեցան 1988-ին. Արցախը եւ Նախիջեւանը, ստալինեան կամայական հաշուարկներով` Ազրպէյճանի հոգատարութեան տակ դրուելու օրէն իսկ, այդ շարժումը գոյութիւն ունէր, խորհրդային տարիներուն իսկ մանր խռովքներ պատճառած էր կայսրութեան մէջ, երբ ազերի բռնադատողը թրքաբարոյ արարքներ գործած էր բնակիչներուն դէմ (60-ականներուն եւ այլ հանգրուաններու): Հետեւաբար, երբ կը խօսինք 1988-ի շարժումին մասին, չենք կրնար անտեսել նախընթաց պատմութիւնը. այլ խօսքով, երբ այսօր կը խօսինք արցախեան շարժումին մասին, առաւելաբար ի մտի կ՛ունենանք նորագոյն դարձակէ՛տը, որմէ ասդին` շարժումը մտաւ յարատեւող եւ անդառնալի հունի մէջ:

Արցախեան շարժում ըսելով` մէկ օրուան կամ մէկ քանի շաբթուան դէպքերու մասին չենք խօսիր, այլ` ամբողջ հոլովոյթի մը, որուն նախաքայլերը տեսնուեցան տարի մը առաջ, իսկ 1988-ի փետրուարին թեւակոխեցին ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ փուլ մը: Արցախի ժողովուրդը (իբրեւ մէկ մասնիկը Խորհրդային Միութեան), այդ օրուան օրէնքներուն եւ պետական իր կառոյցներուն` խորհրդարանին ճամբով սեղանի վրայ դրաւ իր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ իրաւունքները, յայտարարելով, որ կը մերժէ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, կ՛ուզէ անկախանալ եւ իբրեւ վախճանական նպատակ` վերամիանալ Հայաստանին:

Արցախէն հնչած փողին արձագանգները շատ արագ` ելեկտրական հոսանքի պէս հասան Հայաստան եւ հայկական սփիւռք,  ներգրաւեցին ամբողջ հայութիւնը: Այդ մեկնարկն էր, որ շարժման մէջ դրաւ համայն հայութիւնը, միացուց բոլորին ձայնն ու ձեռքերը` ճամբայ հանելով նոյնինքն Հայաստանի վերանկախացման եւ «Դէպի Երկիր» շարժումները:

Դժուարին Ճամբայ Եւ…

Արցախեան շարժումը առաջին իսկ օրէն ինքզինք գտաւ անանցանելի թուացող լեռներու դիմաց (այս սիւնակին մէջ պիտի բաւականանանք ընդհանրապէս արցախեան իրադարձութեանց ակնարկութիւններով, իսկ Հայաստանի զարգացումներուն եւ յարաբերութիւններուն մասին պիտի խօսինք իբրեւ յարակից գիծեր):

Առաջին արգելքը եկաւ Խորհրդային Միութեան կեդրոնէն, որովհետեւ Արցախի դիմումին առաջին հասցէն խորհրդային մայրաքաղաքն էր: Մոսկուայէն հնչած «Ոչ»-ը համահունչ էր Ազրպէյճանի «Ոչ»-ին:

Շուտով Հայաստանը միացաւ Արցախի դիմումին: Երեւանի մէջ նոյնինքն փետրուարի երկրորդ կիսուն ծայր առին բողոքի եւ պահանջատիրական ցոյցեր, որոնք արագօրէն ուռճացան, 25 փետրուարին հասան մէկ միլիոնի հաւաքին: Բացի օրուան համայնավար ղեկավարութենէն, որ ուրիշ ճամբայ չունէր, քան` քայլ պահել Մոսկուայի քաղաքականութեան հետ, հայութիւնը միացաւ այդ «Ոչ»-ին դէմ ընդվզումի ալիքին: Պահանջատիրութեան միացան` օրուան կաթողիկոսը, իբրեւ քաղաքական այլախոհ ճանչցուած դէմքեր (չմոռնանք, որ կուսակցութիւնները արգիլեալ պտուղ էին Խորհրդային Միութեան մէջ), գիտնականներ, մտաւորականները, գրողներ, արուեստագէտներ եւ, մէկ խօսքով, հայութեան ծիածանը կազմող ամբողջութիւնը (աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ ծիածանին կարմիրը կազմողներ եւս համակրանք ունէին շարժումին նկատմամբ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ցեղասպանութեան յիսնամեակի օրերուն նախորդները լուռ կերպով ձայնակցած էին «Մեր հողերը» կանչերուն…):

Եթէ Մոսկուայէն հասնող արգելքը (չկրկնենք, թէ ի՛նչ հաշիւներով) ընդհանրապէս քաղաքական-կուսակցական բովանդակութեան մէջ էր, Ազրպէյճանի արգելքը ունեցաւ շատ աւելի կարմիր դրսեւորում: Ազրպէյճանի քաղաքական միտքը ունէր, մինչեւ այսօր ալ ունի, թրքատիպ ոճ մը` ոճիրը: Ու եղան Սումկայիթ ու Պաքու, որոնք նոր ժամանակներու տարեգրութեանց մէջ արձանագրուեցան փոկրոմ խորագիրին տակ, հետեւեցան արցախեան շրջաններու վրայ յարձակումները, որոնք ի վերջոյ կացութիւնը հասցուցին ճակատումներու: Պայթեցաւ Արցախի ազատամարտը:

… Յաղթանակներու Ուղին

Ճակատումներու առաջին փուլին Ազրպէյճան ունեցաւ խորհրդային ուժերուն զօրակցութիւնը, առնուազն` կրաւորական անտարբերութիւնը, միջամտելու դանդաղկոտութիւնը: Հայկական ուժերը, հիմնականին մէջ` արցախեան ուժերը, իրենք զիրենք գտան երկու սուրի միջեւ: Հայութեան քաղաքական թեւն ալ տակաւին իր առաջին քայլերը կ՛առնէր միջպետական յարաբերութիւններու եւ ճակատումներու դաշտին մէջ: Հայաստանի բազուկը վարանոտ էր, սակայն, այլապէս, Երեւանէն զօրակցութիւն չխնայուեցաւ Արցախին:

Հիմնականին մէջ, սկզբնապէս` սահմանափակ, յետոյ աւելի լայնածիր բախումները կլանեցին ամբողջ Արցախը` հիւսիսէն մինչեւ հարաւ` Մարտակերտի շրջանէն մինչեւ Հադրութ տարածուող գօտիները: Արեւմուտքէն Ազրպէյճան այդ օրերուն ալ փակած էր Բերձորի (Լաչինի) ճամբան: Զուգահեռաբար, բացուեցան քաղաքական սակարկութեանց սեղաններ, ուր հրապարակ նետուեցաւ Սիւնիքի վրայով Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող գօտիի մը ծրագիրը` ի դիմաց Արցախին (ան)որոշ իրաւունքներու շնորհումին: (Նորագոյն արձագանգները կը հնչեն վերջին տարիներուն):

Մինչեւ 1994, այսինքն` մինչեւ Շուշիի եւ սահմանային այլ գօտիներու ազատագրումը, մինչեւ հարաւային Արցախի միացումը` Լեռնային Ղարաբաղի մարզին, ունեցանք հսկայական վնասներ: Ազերիական թնդանօթներուն, ծանր զէնքերուն, օդուժին եւ գերակշիռ թիւով զօրքին հայ զինուժը, ֆետային դէմ դրին համեստ միջոցներով` սկսելով որսի հրացաններէ եւ համեստ գնդացիրներէ: Գէորգ Չաւուշները, Աղբիւր Սերոբները, Հրայր Դժոխքները, Մուրատները եւ բիւրաւոր անմահները վերապրեցան նորօրեայ հերոսներուն մէջ ու անմահութեան պսակին հասցուցին Պետոներն ու Շահէնները, Տուշմաններն ու Դեւ Դաւիթները, զոհաբերողներու ամբողջ փաղանգներ: Ստեփանակերտի, Երեւանի, Գիւմրիի, Սարդարապատի մէջ եւ այլուր այդ անմահները այսօր կը ննջեն` հայրենիքին ու ազգին ծառայած ըլլալու գոհունակութեամբ, հայութեան կռնակը շտկած ըլլալու վստահութեամբ: Սակայն անոնց հանգիստը անխռով չէ…

Սկզբնական կորուստներէ եւ նահանջներէ ետք, հայութեան երկու բազուկները` քաղաքական եւ պաշտպանական կարողութիւնները, իրարու նեցուկ դառնալով, ի վերջոյ յաջողեցան բարեշրջում յառաջացնել  դէպքերու ընթացքին մէջ: Նահատակներուն արիւնը ի զուր չէր վատնուած: Քաղաքական թեւն ալ գտաւ կռուողին-պաշտպանողին թիկունքը ապահովելու ձեւերը, ապահովեց զօրակիցներ եւ աջակցողներ, զանոնք վերածեց դաշնակիցի, շահերու ներդաշնակութիւն ստեղծելու ըստ կարելւոյն: Հողային կորուստները վերականգնեցան, քայլ առ քայլ հող շահեցաւ Արցախի ինքնորոշման եւ իր ճակատագիրին որոշման մէջ խօսք ունենալու արցախցիներուն իրաւունքներու ճանաչումը: Բնականաբար Ազրպէյճան միշտ ալ մերժեց, այսօր ալ կը մերժէ, արցախցիին քաղաքական` ինքնորոշումէն մինչեւ անկախութիւն եւ Հայաստանի վերամիացում իրաւունքները, սակայն եթէ ընդհանուր հաշուեկշիռի ենթարկենք հայութեան նկատմամբ միջազգային կեցուածքը, անվիճելիօրէն կրնանք արձանագրել, որ հայութեան արդար տեսակէտն ու կեցուածքները հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած են: Ամէնէն պարզ պատկերը կ՛երեւի Մինսքի խմբակին կազմութեան եւ երկարաշունչ աշխատանքին մէջ` առանց մոռնալու Արցախի զօրակցական բազում բանաձեւերն ու որոշումները:

1994-ին շահուած յաղթանակն ու Արցախի հողերուն մեծ մասին վերատիրացումը իրենց շեշտակի խօսքը ունեցան յաջորդ տասնամեակներուն տարուած բանակցութիւններուն մէջ, որոնք կտրեցին բազմաթիւ հանգրուաններ եւ տարեգրութեանց մէջ արձանագրուեցան այս կամ այն քաղաքին մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն կամ տարազներուն խորագիրներուն տակ: Գետնի վրայ, Գետաշէնն ու Շահումեանը մնացին խլուած, սակայն քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ, ազերիական կողմը հարկադրուեցաւ իրողապէս ճանչնալու հայկական կողմին իրաւացիութիւնը:

Միշտ ալ վէճի նիւթ եղած է ու պիտի մնայ, թէ Արցախի կարգավիճակին եւ իրաւունքներուն յառաջ մղումը արդեօք որքա՞ն պիտի շահէր, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը ճանչցած ըլլար իրո՛ղապէս, նա՛եւ միջազգային գետնի վրայ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած` Արցախի Հանրապետութիւնը, սակայն պէտք չէ արհամարհել միջազգային օրէնքներու յարուցած այն արգելակները, որոնք Երեւանի վարիչները ետ կանգնեցուցին նման քայլէ: Հայաստանի համար եղան պահեր (գոնէ նշոյլներ), թէ կարելի էր «Գորդեան հանգոյցը» կտրող սուրը ձեռք բերել, սակայն…

Եթէ հայկական կողմը Արցախի իրաւունքներուն, գոնէ ինքնորոշման եւ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս միաւոր ըլլալու ճամբուն վրայ յառաջաքայլեր արձանագրեց (թէեւ միջազգային յարաբերութիւններուն եւ հաշիւներուն պատանդի վիճակը կարելի չեղաւ թօթափել միանգամընդմիշտ), անդին, ազերիական թշնամական արարքները դադար չունեցան: 1994-ին յաջորդած համեմատական խաղաղութեան տարիները միշտ ալ կարմիր հետքեր թողուցին մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն վրայ: Սկսելով սահմանային յաճախակի կրակոցներէ, սահմանափակ ռմբակոծումներէ եւ հազար ու մէկ ոտնձգութիւններէ, մինչեւ քառօրեայ պատերազմը (2016) եւ Տաւուշի ճակատումը (2020), նժարը ընդհանրապէս ի նպաստ եղաւ հայկական բազուկին: Այդ մանր ու լայնածիր ճակատումներուն ալ հայկական զինուժը ունեցաւ սուղ կորուստներ (շեշտենք, որ մէկ հայ զինուորի կեանքին կորուստն ալ մեծ կորուստ է), Եռաբլուրը նոր տարածքներ գրաւեց դժբախտաբար, սակայն Թուրքիոյ ուղղակի եւ անուղղակի զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը վայելող ազերի թշնամին պահուեցաւ զսպաշապիկի մէջ: Այդ տարիները եղան երկու բազուկներով յաղթանակներու ժամանակաշրջան:

Վերակառուցման Շրջան

Սկիզբը նշեցինք, որ մեր ակնարկին սեւեռակէտը պիտի ըլլայ Արցախը, սակայն պէտք է արձանագրենք, որ իրագործումներուն մէջ Արցախը իր կողքին ունեցաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի բոլորանուէր աջակցութիւնը: Հայաստանը, իր պետական համակարգով, իսկ սփիւռքը` իր կամաւորներով եւ նիւթական զօրակցութեամբ: Արցախեան առաջին պատերազմէն կիսաւեր դուրս եկած, անկէ առաջ` ազերիական անտեսումի 70 տարիները ետին թողած Արցախը, իր մարզային եւ ազատագրեալ շրջաններով, առաւել կամ նուազ չափով ապրեցաւ վերականգնում: Հայաստանի տրամադրած զօրակցութեան կողքին, Արցախը ունեցաւ նաեւ սփիւռքի շօշափելի աջակցութիւնը, որուն ամէնէն աշխուժ բազուկը եղաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (չենք անտեսեր անհատներու եւ միութեանց ու կազմակերպութեանց բերած նպաստները): Կիսաքանդ Շուշին ու Ստեփանակերտը, բազում այլ շէնքերու հետ, քայլ առ քայլ մօտեցան արդի քաղաքներու վիճակին, ճամբաներու ցանցը անվիճելիօրէն բարելաւուեցաւ, մանր գիւղեր վերականգնեցան, նորեր աւելցան նախկիններու վրայ, երկրի տնտեսութիւնն ու ընկերային-մշակութային կեանքերը բարելաւման ճամբու մէջ մտան (զանազան արտադրանքներու զարգացում, արտածումներու յաւելում), պատմական կոթողներ վերարժեւորուեցան եւ լումաներ ապահովեցին զբօսաշրջութեան մարզին: Որոշ մարզերու մէջ Արցախը ո՛չ միայն ինքնաբաւութեան հասաւ, այլ նաեւ սկսաւ մասնակից դառնալ Հայաստանի կարիքներուն բաւարարման: Ո՛չ ոք կրնար մտածել, թէ Շուշին տժգոյն է ու դժբախտ, ո՛չ իսկ… այս տարազումը հրապարակողը:

19 փետրուար 2023
(Շար. 1)

 

Նախորդը

Թրքական Ընտրութիւններ. Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Եղափոխութիւնը Դէպի Կեդրոն-Ձախ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.»- «Օլ-Սթար»-ի Մրցում. Ճիաննիսի Խումբը Յաղթեց Լեպրոնի Խումբին

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.