ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Նկատի առնելով, որ մէկ կողմէ այս տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան համապետական ընտրութիւններ (նախագահական եւ խորհրդարանական), իսկ միւս կողմէ` 25-27 նոյեմբեր 2022-ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին վերահաստատուեցաւ նախորդ համագումարին (2017 թուականի Քարթախենայի մէջ տեղի ունեցած 25-րդ համագումարին) տրուած որոշումը, որ կը ձգտէր կազմակերպել «Արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տա՞յ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իրական հաշտութեան» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, որուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ` Հայաստանէն (ի դէմս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան) եւ Թուրքիայէն (ի դէմս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան), կարեւոր գտանք, որ ներկայացնենք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան դէպի կեդրոն-ձախ քաղաքական դիրքորոշում մղումին առարկայական եւ ենթակայական ընկերային-պատմական պատճառները, 1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն ընթացքին:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 1960-ականներէն առաջ
1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն «կեդրոն-ձախ» եզրը օգտագործելէ առաջ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը (հիմնուած` 1919-ին, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ, իբրեւ այսպէս կոչուած «Անատոլիոյ եւ Ռումելիոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան միութիւն») իր գաղափարաբանական աշխարհահայեացքով, որ հաստատուած էր իր երրորդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին (10-18 մայիս 1931), կը բաղկանար վեց հիմքերէ` ազգայնականութիւն, հանրապետականութիւն, աշխարհիկութիւն, պետականութիւն, յեղափոխականութիւն եւ ժողովրդականութիւն (որոնց հիման վրայ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ներկայիս կ՛օգտագործէ վեց նետերը` իբրեւ կուսակցութեան զինանշան): Կուսակցութիւնը հետագային յաջողած էր յիշեալ վեց կէտերը ընդգրկել նաեւ թրքական սահմանադրութեան մէջ (1937-ի սահմանադրութիւնը):
Ուրեմն, ինչպէս ըսինք, «Անատոլիոյ եւ Ռումելիոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան միութիւն»-ը հիմնուած էր 1919-ին, 9-րդ բանակի տեսչութեան քննիչ Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ, եւ անոր կ՛անդամակցէին ընդհանրապէս օսմանեան բանակի այն հրամանատարներն ու վերահսկիչները, որոնք կ՛ընդդիմանային Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանի ընթացքին Ազատութիւն եւ համաձայնութիւն կուսակցութեան ստանձնած կառավարութեան` Արեւմուտքին հետ մերձեցման քաղաքականութիւններուն, ինչ կը վերաբերի անձնատուութեան պայմանագիրներու ստորագրութեան, որ պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ ապազինման եւ հողային տարածքներու բաժանման` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին յաղթական դուրս ելած դաշնակից պետութիւններու (գլխաւորաբար` Անգլիա եւ Ֆրանսա) ազդեցութեանց գօտիներուն միջեւ:
1919-էն մինչեւ 1922 լայնածաւալ մարտեր մղելէ ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին երկիրը իրենց միջեւ ազդեցութեան գօտիներու բաժնած դաշնակից պետութիւններուն դէմ, 24 յուլիս 1923-ին այս միութեան ղեկավարած Թուրքիայի Ազգային մեծ ժողովի (այսօրուան Թուրքիոյ խորհրդարանը) կառավարութիւնը կը ստորագրէ Լոզանի պայմանագիրը եւ միջազգայնօրէն դաշնակից պետութիւններուն կողմէ կը ստանայ Թուրքիոյ ներկայ հողային տարածքներու (783.356 քառ. քմ) ճանաչում:
Լոզանի դաշնագիրի ստորագրութենէն ետք, «Անատոլիոյ եւ Ռումելիոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան միութիւն»-ը իր անունը կը վերափոխէ «Ժողովուրդի խումբ»-ի, իսկ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը կը ստանձնէ երկրին կառավարումը. Ազգային մեծ ժողովի առաջին քայլը կ՛ըլլայ 29 հոկտեմբեր 1923-ին հանրապետութեան հռչակումը, իսկ 3 մարտ 1924-ին` օսմանական խալիֆայութեան տապալումը, երբ «ժողովուրդի խումբ»-ի անուանումը կը վերափոխուի «Հանրապետական ժողովուրդի խումբ»-ի, իսկ կուսակցութեան չորրորդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին (1935) կուսակցութիւնը կը կրէ իր ներկայ անունը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն:
Նպատակ ունենալով կերտել արդի, ազգային պետականութիւն մը, Աթաթուրք ազդուած ըլլալով ֆրանսական աշխարհիկութենէն (laïcité գաղափար մը, որ յաճախ կ՛օգտագործէր իր ելոյթներուն ընթացքին), աստիճանաբար կ՛որդեգրէ ընկերային-ազատական քաղաքականութիւնը, ինչպէս` քաղաքացիական ամուսնութեան օրինականացումը, կրօնական դատարաններու փոխարինումը քաղաքացիական դատարաններով, աշիրեթական համակարգի ջնջումը, կիներուն քուէարկութեան իրաւունքի շնորհումը եւ կրթական համակարգի աշխարհիկացումը:
Արդի ազգային պետականութեան կառուցման ընկերային գործընթացքը մեղմ կերպով չ՛ընթանար: Նպատակ ունենալով կերտել թուրք ազգ եւ հաւաքական յիշողութիւն ու ազգային գիտակցութիւն` պարտադիր կը դառնայ աշիրեթական համակարգի ջնջումն ու ազգանունի որդեգրումը, դպրոցներու աշխարհիկացումն ու պետականացումը, ոչ թրքական անուններ կրող շրջաններու անուանափոխումը, նաեւ, օրինակ, շատ ոչ թուրք ազգերու անդամներու բռնութեամբ կը ստիպեն թրքանալ:
1960-ականներն ու Թուրքիան
1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ու 1961-ին նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի բազմակուսակցական կարգ: Ներթրքական քաղաքական զարգացման հետ մէկտեղ միջազգային գետնի վրայ տեղի կ՛ունենան պատմական կարեւոր դէպքեր ու զարգացումներ, ինչպէս` Վիեթնամի պատերազմ, Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ ազգային-ազատագրական պայքարներ, իսկ արեւմտեան աշխարհին մէջ` ընկերային շարժումներու նոր թափ (կնոջական իրաւունքներ, խաղաղապաշտ շարժում, սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ եւ այլն…):
Թուրքիան ալ, իր կարգին, իբրեւ միջազգային ընտանիքի անդամ, հեռու չի մնար վերը նշուած զարգացումներէն:
1961-ին նոր հաստատուած սահմանադրութեան շնորհիւ, որուն միջոցով շնորհուեցան զանազան ազատութիւններ, օգտուելով այդ նոր շնորհուած ազատութիւններէն ու ազդուելով միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներէն, քաղաքական կեանքի ձախ դաշտին մէջ նոյն տարին կը հիմնուի ձախակողմեան Բանուորներու կուսակցութիւնը, 1965-ին` արմատական ձախ Յեղափոխական երիտասարդութիւն միութիւնը եւ 1967-ին` Թուրքիոյ յեղափոխական արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութիւնը, իսկ հետագային ձախակողմեան շարժումը կը սկսի հետզհետէ արմատականանալ եւ ստանալ զինեալ բնոյթ, երբ 1968-ին կը հիմնուի Թուրքիոյ ժողովուրդի ազատագրութեան բանակը, 1970-ին` Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի ճակատը, իսկ 1972-ին` Թուրքիոյ մարքս-լենինեան համայնավար կուսակցութիւնը (ասիկա Թուրքիոյ մէջ կ՛ըլլայ առաջին կազմակերպութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին կ՛անդրադառնայ), իսկ ազդուելով ձախակողմեան շարժումներուն վերելքէն` քեմալական Ժողովրդային տուներ մշակութային կազմակերպութիւնը 1960-ականներուն հետզհետէ կը հեռանայ դասական քեմալականութենէն եւ կ՛որդեգրէ ձախակողմեան ուղղութիւն: Մինչ քաղաքական կեանքի աջ դաշտին մէջ 1968-ին կը հիմնուի զինեալ «Գորշ գայլեր» ցեղապաշտական կազմակերպութիւնը, 1969-ին անոր քաղաքական թեւը` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, իսկ 1970-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ կրօնի վրայ հիմնուած առաջին կուսակցութիւնը` Ազգային կարգ կուսակցութիւնը:
Այսպիսով, 1960-ականներուն թրքական ընկերութիւնը կը յատկանշուի քաղաքական ու ընկերային բեւեռացումով. Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ, 20-րդ դարու վեցերորդ տասնամեակի վերջաւորութեան ու եօթներորդ տասնամեակին ընդհանրապէս հիմք կը դրուի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու (մանաւանդ` քիւրտ եւ ալեւի) դէմ հարցերու բարձրացումին, աշխատաւորներու միութենականացման եւ Պաղ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին կապերուն եւ յատկապէս ՕԹԱՆ-ին միացման:
Ձախ եւ աջ բեւեռներու միջեւ գոյապայքարը Թուրքիոյ մէջ կը ստեղծէ այսպէս կոչուած կիսաքաղաքացիական պատերազմի վիճակ, եւ նոյն ժամանակաշրջանին (1960-ականներ եւ 70-ականներ) տեղի կ՛ունենան ցոյցեր, դասադուլներ եւ գործադուլներ, որոնք կը զարգանան` վերածուելով ահաբեկումներու, պայթումներու եւ զինեալ բախումներու:
1960-ականներու ոգին ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, ամբողջ տասնամեակ մը անցընելէ ետք ընդդիմութեան մէջ (1950-էն մինչեւ 1960-ի յեղաշրջումը), 1960-ականներու սկզբնաւորութեան եւ մանաւանդ տեսնելով թրքական ընկերութեան մէջ ծաւալող նոր արմատականացման ալիքը, ներկուսակցական մակարդակով կը սկսի քննել կուսակցութեան կարգավիճակը:
Քաղաքական մարզէն անդին` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէջ արձանագրուած զարգացումներէն առաջ կ՛արժէ յիշել, որ նաեւ ընկերային-տնտեսական իմաստով ալ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան թրքական ընկերութեան մէջ: Ընկերաբանականօրէն, 1919-էն մինչեւ 1922 Մուսթաֆա Քեմալի շարժումին մասնակիցները 1960-ականներուն կա՛մ մեծցած էին տարիքով ու հեռացած` քաղաքական դաշտէն, կա՛մ ալ մահացած էին: Հասաւ նաեւ նոր սերունդ մը, որ չապրեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի եւ անոր յաջորդած Սայքս-Փիքոյի, Մուտրոսի եւ Սեւրի դաշնագիրներուն օրերը: Թուրքիան տնտեսապէս զարգացաւ (ճարտարարուեստականացման շնորհիւ), եւ մարդիկ գիւղէն գաղթեցին դէպի քաղաք: Յիշեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ զարգացաւ քաղաքայնացումն ու քաղաքներու շուրջ կեդրոնացումը (մանաւանդ` ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ): Արտաքին քաղաքականութեան իմաստով, Թուրքիան կը սկսի հետզհետէ լուրջ հարցեր ունենալ ՕԹԱՆ-ի հետ (մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու), ինչ կը վերաբերի կիպրական հարցին, ուր Ամերիկան այդքան ալ չէր բաժներ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները:
Քաղաքական իմաստով, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կը դիմագրաւէր ընտրական մրցակցութեան մարտահրաւէրներ նորաստեղծ ձախակողմեան Բանուորներու կուսակցութենէն, որ արդէն իսկ յաջողած էր 15 հոկտեմբեր 1965-ին կայացած ընտրութիւններուն ստանալ 276.101 քուէ (քուէարկողներուն 2,97 առ հարիւրը) եւ ստանալ 14 աթոռ, այսպիսով թրքական խորհրդարանի պատմութեան մէջ դառնալով առաջին ձախակողմեան կուսակցութիւնը. անդին` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր ղեկավարին (Իսմեթ Ինէօնիւ) յառաջացած տարիքին պատճառով ձախողած էր գրաւել առաջին դիրքը:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան 18-րդ ընդհանուր ժողովը (1966) կը դառնայ անկիւնադարձային` կուսակցութեան նոր աշխարհահայեացքի ձեւաւորման (կեդրոն-ձախ) ու արդիականացման գործընթացին բերմամբ: Այս ժամանակաշրջանին կուսակցութեան մէջ կը ձեւաւորուի ձախ թեւ մը` «Նոր բարեկարգողներ» անունով, Պիւլենթ Էճեվիթի գլխաւորութեամբ: «Նոր բարեկարգողներ» խմբակցութիւնը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան 18-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին կը ձախողի ընտրել Էճեվիթը` իբրեւ կուսակցութեան նախագահ (որ կուսակցութեան մէջ բարձրագոյն պաշտօնն է), սակայն զայն կը յաջողի ընտրել ընդհանուր քարտուղար. այսպիսով, Էճեվիթի ընտրութիւնը սերնդափոխութեան առաջին քայլը կ՛ըլլայ թրքական քաղաքական կեանքին մէջ, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Մուտրոսին եւ Սեւրին յաջորդող ժամանակաշրջանին նոր սերունդ մը կը բարձրանայ ղեկավարութեան: 1961-ի ընտրութիւններէն սկսեալ, շարունակելով մինչեւ 1965-ի ընտրութիւնները, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ օգտագործուած «կեդրոն-ձախ» եզրը, որ Ինէօնիւի ոչ բարձր ժողովրդականութեան շնորհիւ արձագանգ չէր գտած հանրութեան մօտ, սկսաւ արձագանգ գտնել կուսակցութեան մէջ տեղի ունեցած սերնդափոխութեամբ:
1969-ի ընտրութիւնները կը դառնան քննութիւն` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նոր ռազմավարութեան համար: Էճեվիթը (Ինէօնիւէն ետք` իբրեւ երկրորդ ղեկավար անձնաւորութիւն կուսակցութեան մէջ), օգտագործելով երկրին մէջ ծաւալած հակաամերիկեան, արմատական ձախակողմեան մթնոլորտը, «կեդրոն-ձախ» եզրը կը պաշտօնականացնէ եւ կը դարձնէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախընտրական որմազդներու կարգախօսներու աղբիւր: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարութիւնը այդ ժամանակաշրջանին պաշտօնապէս կը մերժէ օգտագործել «ընկերվարութիւն» բառը (որուն դէմ պայքար կար Թուրքիոյ մէջ նոր ձեւաւորուած աջակողմեան ուժերուն կողմէ) եւ կը բաւարարուի «ժողովրդավար ձախ»-ով` իբրեւ գաղափարաբանական հիմք, քեմալական դասական վեց հիմքերու կողքին (ազգայնականութիւն, հանրապետականութիւն, աշխարհիկութիւն, պետականութիւն, յեղափոխականութիւն եւ ժողովրդականութիւն): Յիշեալ ռազմավարութիւնը 1969-ին կը յաջողի խորհրդարանին մէջ աւելցնել Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան աթոռներուն թիւը` բաղդատած նախորդ ընտրութիւններուն (1965): Կուսակցութիւնը կը ստանայ 143 աթոռ (նախորդ ընտրութիւններուն` 134 աթոռ)` նախորդ ընտրութիւններէն իր ունեցածին վրայ աւելցնելով 9 յաւելեալ աթոռ:
Սերնդափոխութիւնը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէջ կ՛ամբողջանայ Իսմեթ Ինէօնիւի մահէն ետք (1972), երբ Էճեվիթ կ՛ընտրուի կուսակցութեան նախագահ: Էճեվիթի` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ ընտրութիւնը անմիջապէս կ՛ազդէ կուսակցութեան ժողովրդականութեան վրայ, մանաւանդ որ փողոցին մէջ տակաւին տիրական էր հակաամերիկեանեան, արմատական ձախակողմեան մթնոլորտը, երբ 1973-ի ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը կ՛ապահովէ քուէարկութեան 33,30 առ հարիւրը` նախորդ ընտրութիւններու համեմատութեան վրայ աւելցնելով 5,94 առ հարիւր: Յաջորդ ընտրութիւններուն, նոյն «կեդրոն-ձախ» լոզունգով եւ աւելի կեդրոնանալով Թուրքիոյ ընկերային-տնտեսական հարցերուն վրայ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կ՛ընդարձակէ իր ժողովրդականութիւնը եւ դարձեալ 1977-ին կը գրաւէ առաջին դիրք` ստանալով քուէարկողներու ձայներուն 41,38 առ հարիւրը:
«Կեդրոն-ձախ»-ն ու անոր ժառանգութիւնը այսօր

Շնորհիւ 1960-ականներուն եւ 1970-ականներուն (եւ մանաւանդ 1972-էն ետք) «կեդրոն-ձախ»-ի սկզբունքներուն որդեգրման, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ընտրական եւ քաղաքական առումներով կ՛արձանագրէ նուաճումներ, երբ ընկերային-տնտեսական հարցերու անդրադառնալով` կը շահի միջին ու աշխատաւոր դասակարգերու քուէները քաղաքայնացած, ծովեզերեայ շրջաններու մէջ, ինչպէս` Արեւելեան Թրակիան (Թուրքիոյ եւրոպական բաժինը, որ կը բաղկանայ Պոլսոյ եւրոպական բաժինէն, Ատրիանապոլիսէն եւ Թեքիրտաղէն), Մարմարայի եւ Վոսփորի ափերը (մինչեւ օրս յիշեալ շրջաններուն մէջ այս կուսակցութիւնը կը վայելէ բարձր համակրանք):
Քաղաքայնացած, ծովեզերեայ շրջաններէն անդին, «կեդրոն-ձախ»-ը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մօտեցուց 1960-ականներուն եւ 70-ականներուն ծայր առած ընկերային շարժումները, մասնաւորաբար` արհեստակցական միութիւնները (մանաւանդ` ձախակողմեան «Թուրքիոյ յեղափոխական արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութիւնը») եւ ալեւիները (որոնց շրջաններուն մէջ բարձր ժողովրդականութիւն կը վայելէ կուսակցութիւնը): Այս ծիրին մէջ 2011-ին ալեւի մը (Քեմալ Քըլըչտարօղլու) ընտրուեցաւ կուսակցութեան նախագահ:
Միջազգային առումով, «կեդրոն-ձախ»-ին շնորհիւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կազմակերպականօրէն անդամակցեցաւ Ընկերվար միջազգայնականին եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան, իսկ անոր երիտասարդական միութիւնը` Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան եւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներուն:


