Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրանակերտի Մէջ Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսը Մահացած Հանած Են Փլատակներուն Տակէն

February 18, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքագէտ Մելինէ Անումեան Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի կայքին` Akunq.net-ի ընդմէջէն կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհուած հայերու շարքին աւելցած է նաեւ հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիս: Տիգրանակերտի մէջ զինք եւ իր ամուսինը մահացած գտած են փլատակներուն տակ:

Կայքը այս մասին կը յայտնէ` հիմնուելով տիգրանակերտցի հայ երաժիշտ Ուտի Երուանդի (Երուանդ Բոսթանճեան) դիմատետրեան գրառումին վրայ:

Աղբիւրին համաձայն, հայ երաժիշտը իր էջին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Ձեռքերս դողալով կը գրեմ, դժբախտաբար կորսնցուցինք մեր թանկագին քոյրը` Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը: Կը ցաւակցիմ Տիգրանակերտի մէջ զայն սիրողներուն: Կորսնցուցինք մեր ձայներէն մէկը: Անոր հետ մէկ շաբաթ առաջ երկար զրուցած էի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մէջ: Անպատմելի վիշտ կ՛ապրիմ»:

Ինչպէս մինչ այդ հաղորդած էր Akunq.net-ը, Զիլան Տիգրիս ծնած էր 1972 թուականին, Տիգրանակերտի մէջ, ուր ստացած էր թէ՛ տարրական, թէ՛ միջնակարգ եւ թէ՛ բարձրագոյն կրթութիւնը: Ան հայկական ծագում ունէր ե՛ւ մօրենական, ե՛ւ հօրենական կողմէ: Հայազգի երգչուհին 2015 թուականի օգոստոսին մասնակցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագիրին, որուն շրջանակներուն մէջ ալ 85 հայերու հետ այցելած էր Հայաստան:

Զիլան Տիգրիս ինքն իր մասին կը պատմէ. «Հայկական ծագում ունիմ ե՛ւ մօրենական, ե՛ւ հօրենական կողմէ, սակայն մեծցած եմ իբրեւ քիւրտ եւ մահմետական: Փոքր հասակէս սկսեալ լսած եմ մօրս եւ մեծ մօրս այն օրօրոցայինները, զորս չէի հասկնար եւ միայն հետագային իմացած եմ, որ անոնք հայոց լեզուով են: Մօրենական մեծ մայրս իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան ժամանակ: Միայն քոյրերէն մէկը ողջ մնացած է: Հետագային գնդապետ մը մեծ մայրս որդեգրած է եւ աւելի ուշ ամուսնացուցած` իր հրամանատարութեան տակ գտնուող զինուոր եղող մեծ հօրս հետ: Իսկ մեծ մօրս քոյրը շուկային մէջ վաճառած են, երբ տակաւին փոքր եղած է, եւ անոր ճակատագիրի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք»:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայ երգչուհիի հարազատներուն, ընկերներուն եւ բոլոր զինք սիրողներուն:

Նախորդը

Իսկ Այսօր` Ո՞Վ Է Գայլը, Ո՞Վ Է Ոչխարը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Բուն Բարեկենդան Եւ Մեծ Պահք

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.