Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Սուրիոյ Նախագահին

February 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ասիկա անցեալ շաբաթ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած աւերիչ երկրաշարժէն ետք առաջին օտարերկրացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի Դամասկոս այցելութիւնն էր:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը անցեալ երկուշաբթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Ապու Տապին առաջին մայրաքաղաքներէն էր, որ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած օդանաւ ուղարկած էր Սուրիա եւ Թուրքիոյ, իսկ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժներէն վնասուածներուն 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն յատկացուցած:

Ասատ հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին` սուրիացի ժողովուրդին անոնց մատուցած օժանդակութիւններուն համար` մատնանշելով, որ Ապու Տապին այդ քայլին դիմող առաջին մայրաքաղաքներէն էր:

Էմիրաթական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին իր երկրի Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանի եւ վարչապետ ու Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի ցաւակցութիւնները փոխանցեց Սուրիոյ նախագահին ու ժողովուրդին: Ան նաեւ վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնն ու ներկայ դժուար պահուն Սուրիոյ կողքին կանգնիլը` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պիտի շարունակեն երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման համար սուրիացի ժողովուրդին անհրաժեշտ օժանդակութիւնը մատակարարել:

Մինչ այդ, Լաթաքիոյ մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ փրկարարական ջանքերը կը շարունակեն սակաւաթիւ մնալ եւ հիմնուած տեղական նախաձեռնութիւններու եւ իրանեան, իրաքեան ու ռուսական օժանդակութիւններու վրայ` աւելցնելով, որ եւրոպական օժանդակութիւններու առաջին բաժինը, որ կազմուած էր իտալական օժանդակութիւններէ, 7-րդ օրը հասած է երկրաշարժէն վնասուած շրջան: Իտալական օժանդակութիւնը նախ հասած էր Պէյրութի օդակայան, ուրկէ Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցքին ճամբով անցած Սուրիա:

Սուրիոյ քաղաքային թռիչքներու տնօրէն Պասեմ Մանսուր յայտնեց. «Սէուտական կարմիր մահիկը մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռցուած օդանաւի մը Դամասկոսի օդակայան էջք կատարելու արտօնութիւն խնդրեց, եւ արտօնութիւնը տրուեցաւ»:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 5200-ի, իսկ վիրաւորներունը` 7396-ի:

Նախորդը

Քաթարի Իշխանը Կ՛այցելէ Թուրքիա

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.