Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը շնորհաւորեց ողիմպիական խաղերու եռակի, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանը, որ շաբաթ, 11 փետրուարին տօնեց իր ծննդեան 94-րդ տարեդարձը:
«Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը իր ամբողջ անձնակազմով, կը շնորհաւորէ ձեր ծննդեան տարեդարձը, կը մաղթէ առողջութիւն եւ երկար կեանք», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 1 դեկտեմբեր 2022-ին, Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցի բակին մէջ, բացումը կատարուեցաւ անոր կիսանդրիին:


